image

ԱՄՆ պաշտօնապէս աւարտած է Իրաքի մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը

ԱՄՆ պաշտօնապէս աւարտած է Իրաքի մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը

Միացեալ Նահանգները Սեպտեմբեր 30-ին կ՚աւարտէ իր ռազմական ներկայութիւնը Իրաքի մէջ, որ սկսած էր 2003-ին՝ Իրաք ներխուժումէն ետք։ Վերջնական դուրսբերումը նախատեսուած էր Պաղտատի եւ Ուաշինկթընի միջեւ 2024-ին ձեռք բերուած համաձայնութեամբ։

Այդ համաձայնագիրին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի ռազմական առաքելութիւնը Իրաքի մէջ աստիճանաբար կը դադրեցուի, իսկ երկրի անվտանգութեան եւ ցամաքային գործողութիւններու հիմնական պատասխանատուութիւնը կ՚անցնի իրաքեան ուժերուն։ Դաշինքը Պաղտատին փոխանցած է նաեւ Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող իր կեդրոնական հրամանատարութիւնը։

Իրաքի զինուած ուժերու խօսնակ Սապահ ալ-Նուման յայտարարած է, որ դաշինքի վերջին անձնակազմը Սեպտեմբեր 30-ին կը լքէ երկիրը՝ այդ քայլը բնորոշելով որպէս Իրաքի լիակատար ինքնիշխանութեան վերականգնում։

Միաժամանակ, Միացեալ Նահանգները եւ դաշինքի կարգ մը երկիրներ կրնան պահպանել Իրաքի հետ երկկողմ անվտանգութեան համագործակցութիւնը։ Ուաշինկթըն նաեւ կրնայ «Իսլամական պետութեան» դէմ գործողութիւններուն օդային աջակցութիւն տրամադրել՝ Պաղտատի խնդրանքով։

 

Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասրուր Պարզանի, սակայն, կասկածի տակ դրած է Միացեալ Նահանգներու զօրքերու ամբողջական դուրսբերման ժամկէտը՝ նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ տակաւին անկայունութիւն կը պահպանուի, իսկ Քիւրտիստանի շրջանը բաւարար պաշտպանական կարելիութիւններ չունի անվտանգութեան սպառնալիքներուն առանձին դիմակայելու համար։