image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Տեղի պիտի ունենայ միջ-վարժարանային «Ազգային պարի մրցոյթ»

Լիբանան. Տեղի պիտի ունենայ միջ-վարժարանային «Ազգային պարի մրցոյթ»

Լիբանանի դպրոցական կեանքին մէջ ազգային մշակոյթն ու ժողովրդական աւանդութիւնները նոր սերունդին փոխանցելու նպատակով, 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանին պիտի կազմակերպուի «Ազգային  պարի («Տապքէ») միջդպրոցական մրցաշարք»-ը՝ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու գործակցութեամբ։

Ձեռնարկին մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեան։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Պէյրութի Սանայէհ թաղամասին մէջ գտնուող Ազգային Գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ «Ժապալնա» միութեան նախաձեռնութեամբ, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ  «Ազգային   պարի մրցաշարք»ին մեկնարկը։ Ասուլիսին, Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար Տէր Յովսէփ Նասրի ներկայացուցիչի հանգամանքով, ներկայ էր  Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեան։

Նախաձեռնութիւնը կ՚իրականացուի Կրթութեան եւ Բարձրագոյն Ուսման նախարարութեան հետ գործակցաբար, ինչպէս նաեւ Զբօսաշրջութեան, Մշակոյթի եւ Տեղեկատուութեան նախարարութիւններու ու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի ազգային յանձնաժողովին համագործակցութեամբ։

Մրցաշարքին հիմնական նպատակն է պահպանել լիբանանեան ժողովրդական տապքէի արուեստը, զայն փոխանցել երիտասարդ սերունդներուն եւ ամրապնդել անոնց մշակութային ինքնագիտակցութիւնը՝ դպրոցական միջավայրին մէջ ազգային ժառանգութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն զարգացնելով։