image

Եգիպտոսն ու Եթովպիան փոխադարձաբար արտաքսած են բարձրաստիճան դիւանագետները

Եգիպտոսն ու Եթովպիան փոխադարձաբար արտաքսած են բարձրաստիճան դիւանագետները

Եգիպտոսն ու Եթովպիան անցանկալի անձ (persona non grata) յայտարարած են մէկզմէկու բարձրաստիճան դիւանագէտները։

 

Այս մասին կը տեղեկացնէ «The National»ը։

Ըստ հրատարակութեան՝ Եթովպիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եգիպտոսի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բարձրաստիճան աշխատակից Ահմէտ Մոհարամ Ահմէտ Սուլէյմանէն պահանջած է, որ 48 ժամուան ընթացքին լքէ երկիրը։ Որոշման պատճառները պաշտօնապէս չեն յայտարարուած։

Ի պատասխան՝ Եգիպտոս հրահանգած է, որ Գահիրէի մէջ Եթովպիոյ դեսպանատան խորհրդականը եւս երկու օրուան ընթացքին հեռանայ երկրէն։

Աւելի վաղ Էրիթրէայի իշխանութիւնները որոշած էին խզել բոլոր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Եթովպիոյ հետ։ Այդ որոշման նախորդած էր Եթովպիոյ կողմէ Էրիթրէայի մէջ իր դեսպանատունը փակելու եւ այդ երկրի տասը դիւանագէտները անցանկալի անձ յայտարարելու քայլը։

«The National» կը յիշեցնէ, որ Եթովպիա Եգիպտոսը, Էրիթրէան եւ Սուտանը մեղադրած է Թիկրայի ազատագրման ժողովրդային ճակատի (TPLF) գլխաւորած զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներու՝ վերջերս կազմուած դաշինքին աջակցելու համար։ Այդ երկիրներու իշխանութիւնները հերքած են այս մեղադրանքները։

Անցեալ շաբաթ Եթովպիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ վերսկսած են դաշնային ուժերու եւ TPLF-ի միջեւ բախումները։