Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի 60-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, աւարտելով իր աշխատանքները, վերահաստատեց իր քաղաքական ուղղութիւնը եւ ընտրեց Շրջանի նոր Վարիչ Մարմինը՝ Վանիկ Տագէսեանի ատենապետութեամբ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ խմբագրութեանս յղուած հաղորդագրութենէն։
Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը։
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի 60-րդ Պատգամաւորական Ժողովի
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի 60-րդ Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2026-ին։ Ժողովին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող բոլոր մասնաճիւղերուն պատգամաւորները։
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի 60-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, քննարկելէ ետք Կուսակցութեան անցեալ շրջանի գործունէութիւնը, վերահաստատեց իր քաղաքական նոյն ուղղութիւնը՝ կառչած մնալ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ներքին համերաշխութեան եւ պետականութեան սկզբունքներուն։
Ազգային եւ գաղութային հարցերու ծիրին մէջ, Ժողովը, անդրադառնալէ ետք անցնող երկու տարիներու ընթացքին լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերուն, որոշեց շարունակել գործնական միասնականութեան ու համագործակցութեան ջատագովի իր ուղին եւ հետեւողականօրէն հետապնդել լիբանանահայութեան շահերն ու իրաւունքները։
Համապատասխան որոշումներ առնուեցան նաեւ այլ հարցերու շուրջ եւ վաւերացուեցան յառաջիկայ շրջանին վերաբերող բանաձեւեր։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի նոր Վարիչ Մարմինը՝ հետեւեալ կազմով.
• Ընկ. Վանիկ Տագէսեան (Ատենապետ)
• Ընկ. Տիգրան Միհրանեան (Փոխատենապետ)
• Ընկ.հի Ալին Պաղտոյեան (Ատենադպիր)
• Ընկ. Գէորգ Տաղլեան
• Ընկ. Միհրան Շահինեան
• Ընկ. Սամուէլ Սանոսեան
• Ընկ. Դոկտ. Փօլ Ղազարեան
• Ընկ. Լութֆիկ Կոտալազեան
• Ընկ. Արմէն Մաճարեան
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին
Պէյրութ, 19 Հոկտեմբեր, 2026