Ըստ թեմի հաղորդագրութեան՝ հանդիպումը տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին։ Վեր. Եումշաճըքեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դասընկերներ եղած են Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին (NEST) մէջ, որ աւարտած են 1983-ին։ Երբեմնի դասընկերները, հանդիպելով 43 տարի ետք, միասնաբար քննարկեցին երկու տարբեր ցամաքամասերու ընդհանուր եւ ազգային հետաքրքրութեան հարցեր։
Աստուածաբանական ուսումնառութեան տարիներուն հաստատուած բարեկամութիւնը, նոյնիսկ տասնամեակներու եւ աշխարհագրական հեռաւորութեան ընդմէջէն, կը շարունակէ մնալ կենդանի։ Այս ոգիով տեղի ունեցաւ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէն Վերապատուելի Գրիգոր Եումշաճըքեանի (Սիտնի) հանդիպումը, որուն ընթացքին նախկին դասընկերները վերյիշեցին իրենց ուսանողական տարիները եւ քննարկեցին երկու տարբեր հայ համայնքներուն ու ազգային կեանքին առնչուող հարցեր։