Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ռուպիօ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու հաստատակամ յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Լիբանանին եռակողմ շրջանակային համաձայնագիրի իրականացման գործին մէջ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու միակ ուղին է։
Ան բարձր գնահատած է վարչապետ Սալամի կառավարութեան ջանքերը՝ ուղղուած պետական իշխանութեան տարածման, եւ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը ինքնիշխան Լիբանանի պետութեան, որ «զերծ պիտի ըլլայ «Հըզպալլա»-ի եւ Իրանի կործանարար ազդեցութենէն»։
Լիբանանի վարչապետն ալ X հարթակին վրայ կատարած գրառման մէջ նշած է, որ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է եռակողմ շրջանակային համաձայնագիրի աշխուժացման փուլ անցնելու եւ փոխադարձութեան ու փուլային իրականացման սկզբունքները գործնական քայլերու եւ տեղւոյն վրայ շօշափելի արդիւնքներու վերածելու անհրաժեշտութիւնը։
«Սա պիտի յանգեցնէ Լիբանանի լիակատար ինքնիշխանութեան վերականգնման, Իսրայէլի ամբողջական դուրսբերման Լիբանանի տարածքէն եւ երկրի ամբողջ տարածքին մէջ զէնքի նկատմամբ պետութեան վերահսկողութեան ապահովման»,– նշած է ան։
Վարչապետը նաեւ ընդգծած է համաձայնագիրով նախատեսուած պարտաւորութիւններու իրագործման համար յստակ ժամանակացոյց սահմանելու կարեւորութիւնը։
Յունիս 26-ին Իսրայէլ եւ Լիբանան Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, շրջանակային համաձայնագիր ստորագրած են, որուն համաձայն՝ իսրայէլացի զինուորները փուլ առ փուլ դուրս պիտի բերեն իրենց զօրքերը Լիբանանի հարաւը իրենց գրաւած դիրքերէն, որմէ ետք Լիբանանի զինուորականները պիտի վերահսկեն անվտանգութեան միջոցառումները եւ «Հըզպալլա»-ի զինաթափումը։
Հակառակ ստորագրուած համաձայնագիրին՝ Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանի հարաւային շրջանները, որու հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ տեղահանուած, զոհուած եւ վիրաւորուած են։