Կազայի պաղեստինեան հատուածի բնակիչները կը տարհանուին իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով։
Կազայի մէջ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման ռազամական թեւի ներկայացուցիչ Ապու Ուպայտան՝ «Ալ Աքսա» հեռուստաընկերութեան եթերին, Իսրայէլի արաբ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է «ընդվզելու», կը հաղորդէ EurAsia Daily-ն:
«Ալ-Քասսամի ջոկատները արդէն մօտ են ձեզի, անոնք իրենց հրթիռներով եւ մեր եւ ձեր թշնամիին դէմ դիմակայութեամբ կը նկարեն հայրենիքի քարտէզը», -ըսած է ան:
12 Մայիսի առաւօտեան բռնութիւններ սկսած են Իսրայէլի շարք մը հրէական-արաբական քաղաքներուն մէջ:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն արտակարգ դրութիւն յայտարարած է Թէլ Աւիւի մերձակայքը գտնուող Լոտ քաղաքին մէջ:
Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինցիներու միջեւ բախումները կը շարունակուին, յայտնած է Al Jazeera լրատուականը։
Աւելի վաղ նախարարութիւնը հաստատած է Al Jazerra-ի կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնն այն մասին, որ իսրայէլեան կողմը ոչնչացուցած է Կազայի ոստիկանութեան բոլոր բաժանմունքները։
Պաղեստինի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Հեպրոն քաղաքի մօտակայքը գտնուող Ֆաուաար փախստականներ ճամբարին մէջ մէկ մարդ սպաննուած է իսրայէլեան բանակի կողմէ։