image

Նախիջեւանի հարց. Ռուս-հայկական կազմակերպութիւնները նախաքննութիւն կը պահանջեն

Նախիջեւանի հարց. Ռուս-հայկական կազմակերպութիւնները նախաքննութիւն կը պահանջեն

Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Օտրի Ազուլէին՝ վերջինիս ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ատրպէյճանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու հանգամանքին վրայ: 

«Որպէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ռուսաստանի Դաշնութիւն Ձեր առաջին պաշտօնական այցի կապակցութեամբ ուշադրութիւն ենք հրաւիրում վանտալիզմի հրեշաւոր գործի վրայ, որ տեղի կ'ունենայ Ատրպէյճանի մէջ: 1998-2005 թուականներուն Ատրպէյճանի մէջ՝ նախապէս պատմական Հայաստանի մաս Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին, Ջուղա քաղաքի մօտակայքը տեղի ունեցած է գերեզմանոցի նպատակաուղղուած ոչնչացում, ուր եղած են հազարաւոր միջնադարեան հայկական գերեզմանաքար-յուշարձաններ՝ խաչքարեր: 

Յուշարձաններու եւ տեսարժան  վայրերու պահպանութեան միջազգային խորհուրդի, արեւմտեան լրատուամիջոցներու եւ հայկական աղբիւրներու համաձայն՝ հայկական մշակոյթի հնագոյն յուշարձաններու ոչնչացումը նախաձեռնած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները: Հայկական գերեզմանոցին մէջ եղած բոլոր խաչքարերը ոչնչացուցած են ռազմական հագուստով մարդիկ՝ շինարարական ծանր թեխնիքայի օգնութեամբ: Տապանաքարերու խոշոր բեկորները վերամբարձ կռունկներու օգնութեամբ դրած են վակոններու մէջ եւ երկաթուղիով տարած են, հաւանաբար, յետագային որպէս շինարարական նիւթ օգտագործելու նպատակով: Յուշարձաններու աւելի փոքր բեկորները բեռնած են բեռնատարներու մէջ եւ թափած Արաքս գետը: Ջուղայի գերեզմանատունը, որ հայկական մշակոյթի մեծագոյն յուշարձաններէն մէկն էր, վերածուած է հրաձգարանի»,- ըսուած է դիմումին մէջ: 

Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուած վանտալիզմի գործը համաշխարհային հանրութեան կողմէ չէ արժանացած խիստ դատապարտման, անոր չեն հետեւած որոշիչ պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ, որ կազմակերպած  է բարբարոսական ցեղասպանութիւնը հայկական մշակոյթի նկատմամբ: «Հայկական խաչքարերը 2010 թուականին ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այժմ բոլորը կ'ընդունին, որ հայկական խաչքարերը համաշխարհային արուեստի գլուխգործոց են: Աշխարհի խոշորագոյն թանգարանները պատիւ կը համարեն իրենց հաւաքածուներուն մէջ գոնէ մէկ խաչքար ունենալը»,- ըսուած է դիմումին մէջ: 

Խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ մինչ ոչնչացումը Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը միջնադարեան խաչքարերու ամենամեծ գերեզմանոցը եղած է. 20-րդ դարու սկիզբը այնտեղ եղած է 6 հազար խաչքար: 20-րդ դարու վերջը անոնց թիւը կրճատուած է՝ հասնելով 3 հազարի: 

«Եւ ահա 20-րդ դարու վերջը եւ 21-րդ դարու սկիզը ատրպէյճանցի վանտալները աւարտին հասցուցին իրենց կեղտոտ գործը:  Հայկական այդ յուշարձաններու երբեմնի գեղեցկութեան եւ զանոնք կերտած վարպետներու տաղանդի մասին կը վկայեն ընդամէնը պահպանուած նկարները: Վանտալիզմն աւելի քան ակնյայտ է: Յարգելի տիկին Ազուլէ, Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական իշխանութիւններու բարբարոսական վերաբերմունքը ներկայիս Ատրպէյճանի տարածքին  հայկական մշակոյթի եւ արուեստի յուշարձաններու նկատմամբ եւ Ձեզ կոչ կ'ընէ գնահատական տալու Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման: Նաեւ կը խնդրենք Ձեզ քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի նման երեւոյթները ապագային չկրկնուին ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ  ամբողջ աշխարհի մէջ, քանի որ իւրաքանչիւր ազգի գլուխգործոցները անկասկած, ողջ մարդկութեան ձեռքբերումն են: Կ'ակնկալենք Ձեր կառուցողական պատասխանը»,- նշուած է դիմումին մէջ: