Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան 18 Սեպտեմբերին մեկնած է Նիւ Եորք` գլխաւորելու Հայաստանի պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանին։ Էդուարդ Նալպանտեան ելոյթ պիտի ունենայ Ընդհանուր ժողովի նիստին:
Նախարարի պաշտօնակատար Նալպանտեան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուող շարք մը վեհաժողովներու եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ զանազան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ: