ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ընդունած է ՀՀ կառավարութեան հրաժարականը:
Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Կառավարութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեանը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, ուր ըսած էր, որ կը հրաժարի Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն։
Վարչապետի լիազօրութիւնները փոխանցուած էին առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանին, ով վարած էր Կառավարութեան արտահերթ նիստը, որու ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատարը յայտնած էր Կառավարութեան անդամներուն, որ աշխատանքի որեւէ խափանում պէտք չէ ըլլայ, եւ այն պէտք է ըլլայ պետականութեան հասունութեան ամենակարեւոր քննութիւնը: