image

Նախագահ Աուն խօսած է քաոսի մասին. ինչ նկատի ունի ան

Նախագահ Աուն խօսած է քաոսի մասին. ինչ նկատի ունի ան

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն երէկ լրագրողներու հետ ճեպազրոյց մը ունենալու ընթացքին, զգուշացուցած է երկրի բոլոր կողմերը, որ եթէ յառաջիկայ փուլին նոր կառավարութիւնը չկազմուի, ապա Լիբանան կրնայ յատնուիլ քաոսային իրավիճակի մը մէջ:

Աուն նաեւ ըսած է, որ բոլոր կողմերը եւ անձնապէս ինք կարեւոր ճիգեր կը կատարեն յաջողցնելու համար նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Ըստ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքին, լիբանանցի նախագահը 8 մարտի սիւննիներուն ներկայացուցած է նոր ձեւաչափ մը, որուն հիման վրայ ան առաջարկած է, որ զիրենք ներկայացնող սիւննի նախարարը ըլլայ իրենց խմբակցութենէն դուրս եղող անկախ անձ մը:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան տագնապը ժխտական առումով կարեւոր շրջափուլ մը կ'ապրէր, երբ Սուրիոյ եւ «Հըզպալլա»ի մօտիկ  համարուող սիւննիները կը պահանջէին զիրենք ներկայացնող նախարար մը ըլլայ Հարիրիի ղեկավարութեամբ կազմուելիք կառավարութեան մէջ:

Յայտնենք նաեւ, որ անկախ սիւննիները առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարան մտած էին անցեալ մայիսին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով: