image

Նախագահ Աուն հրաժարած է խորհրդարանին բաց նամակ մը ուղարկելու իր ծրագրէն

Նախագահ Աուն հրաժարած է խորհրդարանին բաց նամակ մը ուղարկելու իր ծրագրէն

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն վերջին պահուն հրաժարած է խորհրդարանին պատգամ մը ուղարկելու իր ծրագրէն:

Յիշեցնենք, որ այդ պատգամով նախագահ Աուն երկրի խորհրդարանէն պիտի պահաջէր լաւապէս մտածել երկրի վարչապետին տրուած պարտականութիւններուն մասին եւ այդ առումով յանգիլ կարեւոր եւ կտրուկ որոշումներու:

Ըստ լրատուական աղբիւրներու, Լիբանանի նախագահը իր ծրագրէն հրաժարած է այն մտավախութեամբ, որ իր ներկայութեամբ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ցանկացած նիստ ծանրակշիռ կերպով պիտի անդրադառնայ վարչապետ Հարիրիի գործունէութեան եւ նոյնպէս քննադատութիւններ պիտի ուղղէ անոր եւ այդ նիստը կրնայ տապալիլ, որովհետեւ սիւննի երեսփոխանները մտադիր են պոյքոթի ենթարկել այդպիսի նիստ մը, հետեւաբար նաեւ տապալել խորհրդարանական այդ տիպի ցանկացած նիստ:

Յայտնենք, որ արդէն 6 ամիսէ ի վեր Լիբանան կը շարունակէ մնալ առանց կառավարութեան եւ այդ մէկը կրնայ պատճառ դառնալ տնտեսական բաւական լուրջ եւ մտահոգիչ տագնապներու: