image

Նախագահ Աուն Արաբական Լիկայի գագաթաժողովին սայթաքած եւ գետին ինկած է (Տեսանիւթ)

Նախագահ Աուն Արաբական Լիկայի գագաթաժողովին սայթաքած եւ գետին ինկած է (Տեսանիւթ)

Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն այսօր մեկնարկած Արաբական Լիկայի գագաթաժողովին, սայթաքած եւ գետին ինկած է, կը հաղորդէ  «BBC»ն: Ան քալած ժամանակ, ուշադրութիւն չդարձնելով  բեմի եզրին, ինկած է: Անոր օգնականները շտապած են օգնել իրեն ոտքի կանգնիլ:

Աւելի ուշ լիբանանեան լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ նախագահ Աուն լաւ է, եւ կը գտնուի ժողովի դահլիճէն ներս եւ անձամբ հանդէս պիտի գայ Լիբանանի անունէն: