Թեհրան յայտարարած է Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու իր պատրաստակամութեան մասին։
Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Ռեզա Արեֆ Մինսքի մէջ կայացած Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստի ընթացքին Միութիւնը կարեւոր հարթակ նկատած է տարածաշրջանային տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման համար։
Անոր խօսքով՝ Իրան կը ծրագրէ ըլլալ Եւրասիական տնտեսական միութեան աշխոյժ գործընկեր՝ աշխատելով բազմակողմ համագործակցութեան եւ պետութիւններու իրաւահաւասարութեան ի նպաստ։