Թուրքիան եւ Ֆրանսան ստորագրած են պաշտպանական գործակցութեան ճանապարհային քարտէզը։
Փաստաթուղթը ուղղուած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ կապերու եւ ռազմավարական երկխօսութեան ամրապնդման։ Ան կը նախատեսէ երկու երկրի միջեւ փոխգործակցութեան խորացում եւ նախագահներու վերջին բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու զարգացում։
Կը սպասուի, որ ճանապարհային քարզէսը նոր թափ պիտի հաղորդէ Անգարայի եւ Փարիզի պաշտպանական յարաբերութիւններուն եւ ընդլայնէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը։