ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանը հոկտեմբեր 4-5-ը պաշտօնական այց պիտի կատարէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։
Հոկտեմբեր 5-ին նախարար Միրզոյեանը հանդիպումներ պիտի ունենայ իր գործընկերոջ՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի, ինչպէս նաեւ երկրի ղեկավար բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։
Այցի օրակարգին վրայ են Հայաստան-Իրան երկկողմ յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային թեմաներ: