image

Մեծարենցի նուիրուած իր մենագրութեամբ՝ Յ. Ճ. Սիրունի կը վերակենդանացնէ երբեմնի հայկական Պոլիսը

Մեծարենցի նուիրուած իր մենագրութեամբ՝ Յ. Ճ. Սիրունի կը վերակենդանացնէ երբեմնի հայկական Պոլիսը

Մեծարենցի Նուիրուած Իր Մենագրութեամբ՝ Յ. Ճ. Սիրունի Կը Վերակենդանացնէ Երբեմնի Հայկական Պոլիսը

Այս տարի ծննդեան 140-ամեակն է արեւմտահայ խորհրդապաշտ քերթողութեան տաղանդաւոր մէկ դէմքին՝ Միսաք Մեծարենցի (Մեծատուրեան, 1886-1908)։

Թէեւ իր կանխահաս մահէն սահեր-անցեր է շուրջ 120 տարի, սակայն Մեծարենց համակրանք վայելող բանաստեղծ մը կը մնայ առ այսօր, ոչ թէ անոր համար որ դեռատի տարիքին հող իջաւ ան՝ զոհ երթալով թոքախտի, այլ որովհետեւ իրերայաջորդ հայ սերունդները մի՛շտ ալ արտակարգ քնքշութիւն, արտասովոր փափկութիւն եւ զգացական շատ նուրբ ու անօրինակ թռիչքներ տեսան անոր չափածոյ մեղմիկ տողերուն մէջ ու… սիրեցի՛ն զինք։

Մեծարենցի լուսանկարներն ու սիրուն բանաստեղծութիւնները ահա արդէն աւելի քան մէկ դարէ իվեր կը զարդարեն դպրոցական մեր դասագիրքերը։ Մեր աշակերտները կ՛արտասանեն «Հիւղը», «Սիրերգ»-ը, «Աքասիաներու շուքին տակ»-ը, «Կիրակմուտք»-ը, «Սա իրիկունն ըլլայի ես»-ի ու «Տո՜ւր ինծի, Տէր, ուրախութիւնն անանձնական»-ի գրաւիչ տողերը, նոյնիսկ եթէ բառամթերքի որոշ դժուարութիւններ կ՛արգելակեն անոնց հեզասահ ընթերցումն ու ընկալումը։

Մեծարենց համակ քաղցրութիւն, ազնուականութիւն եւ բարութիւն կը բուրէ։

Բանաստեղծին ծննդավայրն եղող Բինկեան գիւղն ու ամբողջ Ակնայ շրջանը, Եփրատի հովիտի զոյգ ափերուն, կորսնցուցած ենք շատո՜նց, բայց շնորհիւ Մեծարենցին ու իրմէ ժառանգուած գրական վաստակին՝ երբեմնի հայաբնակ ու շէն այդ վայրերուն մթնոլորտը կարծէք կը սաւառնի մեր գլխուն վերեւ…։

Մեծարենցի մասին շատ բան գրուած է եւ դեռ ալ կրնայ գրուիլ։ Հայաստանի մէջ, 1930-ական թուականներէն սկսեալ, ինչ-ինչ մենագրութիւններ ու գրավերլուծական աշխատասիրութիւններ տպուած են իր մասին (Յովհաննէս Ղանալանեան, Հեկտոր Ռշտունի, Էդ. Ջրբաշեան, Կարինէ Առաքելեան…)։ Սփիւռքի մէջ՝ նմանապէս։ Իր երկու քերթողագիրքերը՝ «Ծիածան»-ն ու «Նոր տաղեր»-ը հրատարակուած են բազմիցս («Ամբողջական երկեր»-ը լոյս ընծայուած է Անթիլիաս, 1986-ին)։ Հայ մամուլը, պատեհ առիթներով, չէ զլացած «բացառիկ» թիւեր նուիրելու այս տարաբախտ տղուն, որ Պետրոս Դուրեանի նման շա՛տ քիչ արեւ ըմպեց ու կեանքին հրաժեշտ տուաւ 22 տարեկանին, երազներու ամբողջ աշխարհ մը գրկած…։

Մեծարենցի մասին գրի առնուած մեծաթիւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ, մեզի համար, անձնապէս, անմոռանալի կը մնար յա՛տկապէս Պուքրէշի «մենաւոր»-ին՝ վերապրող բանասէր ու պատմագիր Յ. Ճ. Սիրունիի (Յակոբ Ճօլոլեան, 1890-1973) այն ընդարձակ մենագրութիւնը, որ ան հրատարակած էր Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին էջերուն, թերթօնային շարունակականութեամբ, 1968-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 1969-ի Յունուարը, իր ետեւէն քաշելով հարիւրաւոր գրասէր ընթերցողներ, հմայելով զանոնք խորունկ տպաւորութեան մը ազդեցութեան տակ։ Մենք այդ շարքը կարդացեր էինք աւելի ուշ, շա՜տ տարիներ անց, երբ «Նայիրի»-ն արդէն դադրած էր ու հոսկէ-հոնկէ ճարուած անոր հին հաւաքածոները պարբերաբար մտքի սնունդ կը հայթայթէին մեզի պէս «խենթ»-երու…։

Առ այսօր որոշ մանրամասնութիւններ կը յիշենք հոնկէ։ Կը յիշենք, թէ ժամանակաշրջանի կարգ մը լրագրողներուն կողմէ ինչպիսի՜ ամօթալի ու անարդար պայքար մը շղթայազերծուած էր հէք բանաստեղծին դէմ, պարզապէս որովհետեւ Մեծարենց իրեն համար ընտրած էր քերթողական ոճի, բառամթերքի ու ներքին ապրումներու արտայայտութեան նոր եղանակ մը, որ սովորականէն կամ ընթացիկէն տարբեր էր։ Մեծարենցը հալածող թշուառականներուն գլուխը կու գար Ենովք Արմէն անունով գրչակ մը, որուն անշեղօրէն կը հետեւէին քանի մը հոգի եւս, ինչպէս՝ Ժագ Սայապալեանը (Փայլակ), Մերուժան Պարսամեանը, Տիգրան Չէօկիւրեանը։ Ասոնք պոլսահայ թերթերուն մէջ ծանր մեղադրանքներու, լուտանքներու եւ վիրաւորական կսմիթներու ճամբով կը ջանային յուսահատեցնել Մեծարենցը, անոր բանաստեղծութիւնները իմաստազուրկ հռչակել ու… սիրտ պաղեցնել։ Ենովք Արմէն, զորօրինակ, Մեծարենցի քերթուածները որակած էր «բանաստեղծութեան անունով երկնուած բանաստեղծութեան կղկղանքներ»…։ Իսկ Ժագ Սայապալեանի համոզումով՝ Մեծարենց «անճաշակ եւ անճարակ բառերու դերձակ» մըն էր պարզապէս…։ Քստմնելի էր անշուշտ, որ այս գռեհիկ յարձակումները կը կատարուէին այնպիսի ատեն մը, երբ Մեծարենց մահուան անկողինին մէջ անյուսօրէն կը մաքառէր զինք հիւծող թոքախտին դէմ…։ Այնուամենայնիւ, բանաստեղծը կը ստիպուէր խիզախօրէն պատասխանել իր թշնամիներուն, կարելի չափով դիմադրելով իր դէմ շարժող ապերասան ճակատին։

Միշտ մտածած ենք, թէ այսքան թոյլ կամ բո՞ւթ էր այդ մարդոց գրական հոտառութիւնը։ Իմաստալին իմաստազուրկէն զատորոշելու կարողութիւն չունէի՞ն գրիչ շարժող ու «մտաւորական»-ի համբաւ պտտցնող այդ ապիկարները…։

Յ. Ճ. Սիրունի, որ Պոլիս կ՛ապրէր այդ շրջանին եւ աշխոյժ մասնակից էր հայ լրագրական ու հանրային կեանքին, կրցեր էր մօտէն հետեւիլ այդ անօրինակ գրչապայքարին եւ բազմաթիւ յուշեր պահել եղելութիւններէն։ Ու տասնամեակներ ետք, երբ Մեծ Եղեռնը փետրաթափ ըրեր էր երբեմնի կենսախինդ Պոլիսը ու հրապարակէն անէացեր էին այլեւս Մեծարենցը քարկոծող հերոսները (Ենովք Արմէն մահացաւ Մարսէյլ, 1968 Մայիսին, մինչեւ իր հուսկ շունչը անդրդուելիօրէն կառչած մնալով իր հին ու անհեթեթ համոզումներուն), ան Պուքրէշի իր մենաստանին մէջ գրիչը ձեռք առած՝ որոշեր էր պատմել ո՛չ միայն դէպքերը, որոնց յորձանուտին մէջ այնքա՜ն տառապեր էր Մեծարենց, այլեւ ամբողջական պատումով մը ուզած էր մեր դիմաց քանդակել դիմագծութիւնը բինկեանցի բանաստեղծին, երիտասարդի իր երազներուն ու տանջահար հիւանդի իր ապրումներուն լրիւ շրջագծով։ «Նայիրի»-ն էր, որ հիւրընկալած էր այդ հիւթեղ ուսումնասիրութիւնը, շուրջ վեց տասնամեակ առաջ։

Այո՛, շուրջ վեց տասնամեակ սահեր էր Սիրունիի այդ յօդուածաշարքին թուականէն, ու յօդուածաշարքը կը մնար թաղուած՝ «Նայիրի»-ի շիրմաստանին մէջ…։

Ահա՛ սակայն ուրախալի լուր մը։ Երեւանի մէջ, վերջերս, գեղատիպ հատորով մը լոյս ընծայուած է Սիրունիի այդ բացառիկ ուսումնասիրութիւնը, լուսապսակ մը դառնալու համար բանաստեղծին պայծառ ճակտին վրայ, անոր ծննդեան 140-ամեակին առիթով։ Գործը պահած է իր բնագրային վերնագիրը՝ «Այդ հիւանդ, հանճարեղ պատանին», որ Չարենցի մէկ բնութագրումն է Մեծարենցի մասին։

Երկը հրատարակութեան պատրաստած են Սփիւռքէն երկու բանասէրներ՝ Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Եորք) եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմէնճեան (Պոլիս)։ Իրենց օժանդակած է Հայաստանէն գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան։

Այս նորատիպ գիրքով ո՛չ միայն Մեծարենցն է որ կրկին ու կրկին կը յառնի մեր առջեւ, կ՛աւելցնէ մեր՝ իրեն հանդէպ տածած սէրն ու պաշտամունքը, այլեւ՝ անգամ մը եւս պատեհութիւն կը ստեղծուի «հանդիպելու» հին շրջաններու մեր երեւելի պատմագիրներէն Յ. Ճ. Սիրունիին, որ գաղտնիքը ունէր ամէն տեսակի գրական կամ յուշագրական ուսումնասիրութիւն «շաղելու» ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններով ու յիշատակարժան անցքերով, պատմուած՝ արեւմտահայերէն զմայլելի ու հրապուրիչ ոճով մը, որ աւա՜ղ, չքացած է այլեւս հրապարակէն, մեր ժամանակակից մամուլէն ու նորատիպ գիրքերէն…։

Մեծարենց ու Սիրունի՝ Պոլիսը խորհրդանշող երկու սիրելի դէմքեր, այս հատորով վարագոյր մը կը բանան մեր առջեւ, դիտելու համար Վոսփորն ու անոր ափերուն եռեւեփող երբեմնի հայ կեանքը, մա՛նաւանդ գրական ճակատի վրայ։ Մերթ պայծառ ու շէնշող, մերթ մռայլ ու տխուր…։

Մեծարենց դա՛րձեալ կը գգուէ մեր զգայուն ջիղերը, կ՛օծէ մեզ իր ծաղկեփոշիներով ու բալասաններով, կը տանի մեզ դէպի հեշտագին գիշերներ…։ Մինչ անդին՝ ի՞նչ կը մնայ Ենովք Արմէններէն։ Տխրահռչակ անուն մը լոկ։

 

Լեւոն Շառոյեան