image

Վերամուտի առթիւ յիշենք մեր երախտաւոր դաստիարակները. Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեան ամոլը

Վերամուտի առթիւ յիշենք մեր երախտաւոր դաստիարակները. Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեան ամոլը

Վերամուտի այս օրերուն, երբ կրթական հաստատութիւններու դռները դարձեալ կը բացուին եւ նոր սերունդ մը կը բռնէ գիտութեան ու կրթութեան ճամբան, արժէ պահ մը կանգ առնել ու յիշել այն նուիրեալ դաստիարակները, որոնք իրենց կեանքը անմնացորդ նուիրեցին հայեցի կրթութեան ու սերունդներու դաստիարակութեան։

Այս առիթով կը ներկայացնենք «Պայքար» պարբերականին մէջ հրապարակուած եւ հայ մամուլի երախտաշատ նուիրեալներէն՝ Տիար Յակոբ Վարդիվառեանի ստորագրութիւնը կրող այս արժէքաւոր վկայութիւնը՝ նուիրուած կրթական գործիչներ Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեան ամոլին։

Վարդիվառեանի գրիչով վերակենդանացող այս երկու դիմանկարները միայն անցեալի երկու ուսուցիչներու կենսագրութիւնները չեն։ Անոնք միաժամանակ վկայութիւն մըն են հայ դպրոցի, հայ ուսուցիչին եւ ազգային դաստիարակութեան այն աւանդին մասին, որուն վրայ ամբողջ սերունդներ հասակ առին։ Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեանները իրենց ուսուցչական առաքելութիւնը ապրեցան իբրեւ ծառայութիւն՝ դպրոցին, աշակերտին եւ հայ կեանքին։

Այսօր, երբ վերամուտը կը պարտադրէ կրկին մտածել ուսուցիչին իրական առաքելութեան մասին, նման անուններու յիշատակը պարզապէս յուշ չէ։ Անիկա նաեւ յիշեցում է, թէ սերունդ կը կազմուի ոչ միայն դասագիրքով, այլեւ ուսուցիչի անձով, օրինակով, նուիրումով եւ տարիներու լուռ աշխատանքով։

Ահա այդպիսի երկու կեանքերու պատմութիւնը՝ Տիար Յակոբ Վարդիվառեանի վկայութեամբ։


----------------------------------------

Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորներ

Վարուժան Պետիկեան
Հալէպ, Յուլիս 6, 1927 - Նիկոսիա, Մայիս 19, 1989

Մանկութիւնը, ընտանեկան կեանքը եւ ուսումնառութիւնը

Անցագրի անունով Դանիէլ Պետիկեան, մկրտութեան թուղթով` Դանիէլ-Վարուժան Պետիկեան, գրչանունով` Վարուժան Պետիկեան: Ծնած է Հալէպ, Յուլիս 6, 1927ին, արհեստաւոր համեստ ընտանեկան յարկի մը տակ: Սեբաստացի հայրը` Հաճի Գալուստը, վարպետ երկաթագործ էր եւ կ'աշխատէր DHP երկաթուղային ընկերութեան մէջ: Հաւատաւոր հնչակեան էր, թունդ հայրենասէր եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր հալէպահայ ազգային-միութեանական կեանքին: Մայրը` Լուսիա (Շահինեան) կը մնայ տանտիկին մինչեւ իր մահը` Նիկոսիոյ մէջ 86 տարեկանին: Ունէր մէկ քոյր եւ մէկ եղբայր:

Վարուժան նախակրթութիւնը ստանալէ ետք Հալէպ քաղաքի Կիլիկեան դպրոցին մէջ, երկու տարի (1943-45) կը յաճախէ տեղւոյն Լիսէ Ֆրանսէ վարժարանը` իբրեւ Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան սանը։ 1945-ի Հոկտեմբերին կը մեկնի Կիպրոս` ուսանելու համար Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, զոր կ'աւարտէ 1949-ի Յունիսին:

Երկու տարի (1953-55) կը յաճախէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը: Մասնագիտութեամբ` Լոնտոնէն վկայեալ հաշուապահ է:

Ուսուցիչը

Կը վերադառնայ Հալէպ եւ ուսուցչութիւն կ'ընէ Կրթասիրաց վարժարանին մէջ` Գրիգոր Պօղարեանի օրով: Ասկէ յետոյ, աւելի քան 40 տարի նուիրումով ու հաւատարմութեամբ կը ծառայէ ՀԲԸՄ-ի կրթական գործին` իբրեւ ուսուցիչ-պաշտօնեայ նախ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանին ու ապա` Նիկոսիոյ Սելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։

Սեպտեմբեր 20, 1953-ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կ'ամուսնանայ Օր Սօսի Պոյաճեանին հետ, որ իրեն նման` կրթական մշակ կը պաշտօնավարէ Բարեգործականի վարժարաններէն ներս, որպէս ուսուցչուհի եւ տնօրէն: Բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով` Ռաֆֆի եւ Արա:

Բանաստեղծը

Հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ ունեցած է Վահէ-Վահեանը, գրականագէտ Օննիկ Սարգիսեանը եւ Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեանը: Առաջին քերթողագիրքը լոյս տեսած է Պէյրութ 1969-ին, «Սիրոյ եւ կարօտի աղաւնիներ» խորագիրով, եւ արժանացած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» Գրական Մրցանակին: Երկրորդ  քերթողագիրքը, «Կենսարբեցում» խորագրուած է: 

Բանաստեղծ-արձակագիր Միհրան Տէր Ստեփանեանն ու բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանին գլխաւորութեամբ` եղած է ԹՄՄ «Շիրակ» ամսագրին հիմնադիրներէն եւ անոր առաջին աշխատակիցներէն մէկը։ Բանաստեղծութիւններով եւ այլ յօդուածներով աշխատակցած է հայրենիքի եւ արտասահմանի բազմաթիւ թերթերուն ու մասնաւորաբար` Պէյրութի «Զարթօնք»ին:

ՌԱՍԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆԸ

Մաս կազմած է ԹՄՄ-ի վարչական մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ` «Շիրակ»-ի խմբագրական կազմին: Անդամ է ՌԱԿ Պէյրութի «Զարթօնք» ակումբին: Իր ուսուցչական տարիներուն քաջալերած է ուսանողներուն միանալու ՌԱԿ-ի շարքերը եւ զանոնք առաջնորդած է մաքուր հայրենասիրութեամբ եւ ողջմիտ քաղաքական տեսութիւններով: Մի՛շտ սիրուած է եղած իր ուսանողներէն, որոնցմէ շատեր իրենց պատանեկան ու երիտասարդական առօրեայ կեանքի դժուարութեանց հոգեկան ներքին սիրտը բացած են Պարոն Պետիկեանին: Ան որպէս մեծ եղբայր անյապաղ հասած է օգնութեան բոլոր անոնց որոնք դիմած են իր խորհուրդներուն: Երախտապարտ անոնցմէ շատեր մնացին մինչեւ վերջ սրտակից իր հետ:

Հրաւէրովը իր նախկին ուսանողներուն կու գայ Նիւ Ճըրզի ու կ'ունենայ հանդիպումներ իր սիրելի աշակերտներուն հետ: Կ'այցելէ նաեւ Պոստոն եւ Նիւ Հեմշըր վաղեմի բարեկամներու եւ գաղափարի ընկերներու, ինչպէս նաեւ` Լոս Անճելըս:

Կը մահանայ Նիկոսիոյ մէջ, Մայիս 19, 1989-ին:

Ճաշակ մը իր բանաստեղծութենէն

Հատուած մը «Մղկտում»` Արարատին քերթուածէն.

Ամէն անգամ,
Ո՜վ Արարատ,
Երբ կը բացուիս
Դիմացն աչքիս`
Պատըշգամէն հիւր սենեակիս,
Կը մղկըտայ սիրտըս անդուլ…։
Բայց նոյն ատեն
Հաւատք մը խոր
Կ'եռայ, կ'եռայ
Երակներուս մէջ հայկազուն…
Եւ կ'ուզեմ որ համբերես դուն.
Զի պիտի գայ
Օրն արփալիր`
Երբ փշրըւին պիտի կրկին
Շղթաները գերութեանդ ծանր,
Ըլլաս ազատ ու կենսաւէտ,
Մեզի նըման
Ու մեզի՛ հետ մընաս յաւէտ:

Նոյեմբեր 7, 1983
Ֆիզիսթերապիայի ինստիտուտ,
Երեւան

 

Սօսի Պետիկեան
Նիկոսիա, Ապրիլ 26, 1930 - Նիկոսիա, Յունուար 26, 2002

Ծնած է Նիկոսիա (Կիպրոս), Ապրիլ 26, 1930-ին, Մուսա Լեռնցի հօրմէ եւ կիպրահայ մօրմէ: Չորրորդ դուստրն է Տէր եւ Տիկին Յակոբ Պօյաճեաններուն: Քոյրը` հայրենի ծանօթ գրագիտուհի` Շաքէ Վարսեանի: Աւարտելէ ետք Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան վարժարանը, 1945-ի Հոկտեմբերին կ'ընդունուի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, ուրկէ ընթացաւարտ կ'ըլլայ 1950ին, բացառիկ յաջողութեամբ: Նոյն տարին, մասնակցելով Լոնտոնի Մեթրիքիւլէյշընի Ճի. Սի. Ի.  քննութիւններուն, կը շահի ամբողջ Կիպրոսի առաջնութիւնը:

1950-ի Հոկտեմբերին կ'ընդունուի Պէյրութի «Գալըճ ֆոր Վումըն»ի սոֆոմոր դասարանը զոր Պատւոյ Յիշատակութեամբ աւարտելէ ետք, կ'անցնի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, ուրկէ 1953-ին կը ստանայ Պսակաւոր Գիտութեանց տիտղոսը` քիմիագիտութեան մէջ: 1953-ի Սեպտեմբերին կ'ամուսնանայ Վարուժան Պետիկեանի հետ, որոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով` Ռաֆֆի եւ Արա:

Կ'անդամակցի ՌԱԿ-ի շարքերուն շատ երիտասարդ տարիքին: Կը ստանձնէ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ ակմբային մակարդակով, ինչպէս` վարելով ՌԱԿ Շուշանիկ Ակումբի ատենապետութիւնը: Սօսին կը դառնայ առաջին կին անդամը ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան:

Ան խորապէս կը հաւատար որ հայ կինը հաւասարապէս պէտք է ծառայէ իր շրջանակին ու ժողովուրդին, տալով իր առաւելագոյնը։ Ճիշդ այդ նկատառումով ալ, ան Շուշանիկի գործունէութիւնը ոչ միայն խթանեց ու զարգացուց, այլեւ որակաւորեց, որպէսզի իգական սեռը կոփուի եւ յղկուի թէ՛ իբրեւ հայ, թէ՛ իբրեւ քաղաքացի եւ թէ՛ իբրեւ մարդ:

1953-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ կը պաշտօնավարէ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանին մէջ նախ որպէս գիտութեան եւ ուսողութեան ուսուցչուհի, ապա որպէս աւագ ուսուցչուհի եւ վերջապէս վարժարանի տնօրէնուհի փոխարինելով` Զարեհ Մելքոնեանը, որ Ամերիկա կը գործուղղուէր ծառայելու դարձեալ ՀԲԸՄ-ին: Հոս արձանագրենք որ Դարուհի Յակոբեան վարժարանը ունեցած է մի՛շտ ալ տնօրէններու պատկառելի շարք մը – Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան, Պարգեւ Շահպազ, Արտաշէս Սարգիսեան, Յակոբ Պուճիքանեան, Պարգեւ Տէր Յովհաննէսեան, Խաչեր Գալուստեան, Յակոբ Պուճիքանեան, Պարգեւ Տէր Յովհաննէսեան, Խաչեր Գալուստեան, Արա Թօփճեան, Վահէ-Վահեան (տեսուչ) եւ Զարեհ Մելքոնեան: Ան մնաց տնօրէնի պաշտօնին մինչեւ 1975 թուականը` Լիբանանը ցնցող ծանօթ դէպքերուն առաջին տարին: 1982-ին կը նշանակուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տնօրէն: Հակառակ ըլլալով գիտութեան մարդ, Պետիկեան եղաւ նոյնքան արուեստի, մշակոյթի ու պատմութեան ուսուցչուհի մը, երբ վերջին տարիներուն ալ Մելգոնեանէն ներս դասաւանդեց հայոց պատմութիւն եւ իր պատրաստած նօթերով կազմեց դասագիրք մը, որ ցարդ կը մնայ անտիպ:

Իր տեսչական պաշտօնին բերումով քաջալերած է աշակերտուհիները միանալու ռամկավար ազատական շարքերը: Այսօր մեծ է թիւը իգական սեռի ռամկավար ազատական շարքային ընկերուհիներուն, որոնք իրենց հետքը ձգած են ոչ միայն կուսակցական կեանքի մէջ զանազան պարտականութիւններով, այլեւ` պատասխանատու պաշտօններով մաս կը կազմեն ազգային, կրթական ու բարեսիրական կեանքին: Անոնք այս աշխատանքը կ'ընեն անսակարկ համոզումով:

Պետիկեան գործօն մասնակցութիւն բերած է նաեւ ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Զարեհ Նուպար Ակումբի վարչութիւններէն ներս:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ կը մեծարէ Սօսի Պետիկեանը Մայիս 13, 2000 թուականին անոր կատարած կրթական ու հասարակական երկարամեայ գործունէութեան համար: (Նոյն օրը կը մեծարուի նաեւ Գրիգոր Քէօսէեան` որպէս հրապարակագիր ու խմբագիր): Սօսին յուզուած էր, որովհետեւ 18 տարուան բացակայութենէ մը ետք, Պէյրութ գալով կը հանդիպէր իրեն շատ սիրելի բարեկամներու եւ ծանօթներու: Ան հարց կու տար թէ արդեօ՞ք կրցած էր սերունդներ պատրաստել ու դարբնել այնպէս ինչպէս մեզ կերտած էին Արա Թօփճեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Բարունակ Թովմասեանի, Հրաչեայ Սեդրակեանի նման մեծութիւններ: Խօսք կ'առնէ Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերէճեան, որ եղած էր ուսանողուհին եւ պաշտօնակիցը: Ընթերցումներ կը կատարէ Պայծիկ Գալայճեան եւ ԹՄՄ-ի տեղական վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ ատենադպրուհի Սիլվա Ուրֆալեանի ձեռամբ մեծարեալները կը պարգեւատրուին յատուկ յուշանուէրով:

Անդրադառնալով Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանի 35- ամեակին, Պետիկեան այսպէս գնահատած է վարժարանին ազգային կեանքէն ներս բերած յաջողութիւնը, արձանագրուած «Յուշարար-Միութիւն» պաշտօնաթերթին մէջ. «Ազգային տեսակէտով Դարուհիի շրջանաւարտները իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր ազգային հասարակական կեանքին: Մեր շրջանաւարտուհիներէն 75-ը որպէս ուսուցչուհի կամ ընկերային գործիչ կը ծառայեն Լիբանանի մէջ: Հպարտութեամբ կը յիշենք թէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան բոլոր մարմիններուն մէջ իգական սեռի գործօն անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Դարուհիի շրջանաւարտուհիներ են. իսկ արտասահման գտնուող մեր շրջանաւարտուհիները` նոյնպէս գնահատելի աշխատանք կը կատարեն հայապահպանման գիծով»։

Յետ կարճատեւ անողոք հիւանդութեան մը կը մահանայ Շաբաթ, Յունուար 26, 2002-ին, Նիկոսիոյ մէջ:

 

Յակոբ Վարդիվառեան

Յատուկ «ՊԱՅՔԱՐ»ին