Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը ժամանակին խիտ քրիստոնեայ եւ հայկական ներկայութիւն ունեցող տարածք մըն էր։ Այսօր այդ պատկերը գրեթէ ամբողջութեամբ փոխուած է։ Ամուտա քաղաքին մէջ, որ Գամիշլիէն շուրջ 27 քիլոմեթր արեւմուտք կը գտնուի եւ Թուրքիոյ սահմանէն ալ հեռու չէ, հայկական ներկայութիւնը գրեթէ ջնջուած է։
Այստեղ այսօր մէկ հայ մնացած է՝ Գէորգ Մուշեղեան։ Գիւղատնտես եւ ճարտարապետ, որ 41 տարի աշխատած է կառավարական համակարգին մէջ։ Ան մնացած է իր ծննդավայրին մէջ, մինչեւ իր ազգականներն ու ընկերները մէկը միւսին ետեւէն հեռացած են։
Մուշեղեանին հետ մեր զրոյցը միայն մէկ մարդու պատմութիւնը չէ։ Անոր յիշողութիւններուն մէջ կը բացուի Ամուտայի մը պատկերը, ուր ժամանակին շուրջ 2800 քրիստոնեայ ընտանիքներ կ՚ապրէին, կը գործէին չորս եկեղեցիներ, իսկ այսօր անոնցմէ գրեթէ ոչինչ մնացած է։
— Պարոն Գէորգ, դուք Ամուտայի մէջ մնացիք։ Ինչո՞ւ որոշեցիք չհեռանալ։
Ամուտայի մէջ մնացինք։ Քաղաքը Գամիշլիի արեւմտեան կողմը կը գտնուի՝ Թուրքիոյ սահմանէն շուրջ 27 քիլոմեթր հեռու։
Մեր ազգականները գրեթէ բոլորը հեռացան։ Հայրս ու մայրս մահացան, մեր գործերն ալ քայքայուեցան։ Հիմա այստեղ ես ու երկու քոյրերս մնացած ենք։
Բայց ես չուզեցի հեռանալ։ Այստեղ ծնած եմ, այստեղ մեծցած եմ։ Այս քաղաքը, այս հողը, այս շրջանը շատ լաւ կը ճանչնամ։
— Այսօր ինչո՞վ կը զբաղիք։
Գիւղատնտես եմ, նաեւ ճարտարապետ։ 41 տարի կառավարութեան հետ աշխատած եմ։ Թոշակի անցայ, բայց մեր խնդիրները ամբողջութեամբ չլուծուեցան։
Արդէն երկու տարի է՝ այստեղ շատ բան քանդուած է, պետական կեանքը գրեթէ կանգ առած է։
— Ամուտայի մէջ հայեր մնացա՞ծ են։
Ամուտայի մէջ ես միակ հայն եմ մնացած։
Գամիշլիի մէջ տակաւին հայեր կան, բայց անոնց մեծ մասը՝ մօտ երեք քառորդը, հեռացած է։ Իմ ընկերներս ալ գրեթէ բոլորը գացին։
Եղբայրս՝ Խաչիկ Մուշեղեանը, Քուէթ կը բնակի։ Քահանայ Պսակ Պէրպէրեանը իր ուսուցիչը եղած է։ Իսկ Յովհաննէս Մուշեղեանը՝ իմ հօրեղբայրս, շուրջ քառասուն տարի «Զաւարեան» դպրոցի տնօրէնն էր։
— Ամուտան ի՞նչ քաղաք է։ Ինչո՞վ կ՚ապրի ժողովուրդը։
Ամուտան գիւղատնտեսական քաղաք է։ Ցորեն կը ցանուի, ոչխար կը պահուի, չրարփի կայ։ Նախկինին նաեւ բամպակ կը մշակուէր։
Հիմա բամպակ գրեթէ չկայ, որովհետեւ վառելանիւթի գինը ահաւոր բարձրացած է։ Նախկինին երեք հազար էր, հիմա՝ 12-14 հազար։ Այլեւս ձեռնտու չէ։
Մեզի մօտ միշտ ալ այդպէս եղած է։ Մէկը բան մը կը կառուցէ, յետոյ ուրիշը կու գայ ու կը քանդէ։ Հիմա ալ նոյնն է։
— Իսկ այսօր ո՞վ կը կառավարէ Ամուտան։
Կառավարութիւն չկայ։ Կամ աւելի ճիշդ՝ կառավարութիւնը հոս դեռ չէ հասած։
Նախկինին պետական հիմնարկները կ՚աշխատէին, թուղթերը կ՚անցնէին, մարդիկ իրենց գործերը կ՚ընէին։ Հիմա երկու տարի է՝ ամէն ինչ կեցած է։
Անցագիրները, պաշտօնական թուղթերը՝ ամէն ինչ այրեցին։ Քոյրս 35 տարի կառավարական հիւանդանոցին մէջ աշխատած է։ Թոշակի անցած էր, իր բոլոր փաստաթուղթերը պատրաստած էի։ Հետոյ կառավարութիւնը փոխուեցաւ, եկան ու այդ թուղթերը ոչնչացուցին։
Մէկ բան գիտեմ՝ քանդելը շատ դիւրին է։ Շինելը տարիներ կը պահանջէ։
— Նոր իշխանութիւններուն հետ աշխատելու փորձ ունեցա՞ք։
Փորձ եղաւ, որ իրենց հետ աշխատիմ։ Ես հին ճարտարապետ եմ, երկար տարիներ կառավարութեան մէջ աշխատած եմ։ Ամուտայի հողերը, ցանքերը, գիւղատնտեսական աշխատանքները շատ լաւ կը ճանչնամ։
Բայց չաշխատեցայ իրենց հետ։
— Ինչո՞ւ։
Որովհետեւ կրնայ սխալ բան մը ըլլալ։ Քեզի փաստաթուղթ մը կը բերեն, կ՚ըսեն՝ արձանագրէ, գրէ, ստորագրէ։ Դուն ալ կ՚ընես։ Յետոյ նոյն թուղթը կրնայ քու դէմդ օգտագործուիլ, ու դուն կրնաս բանտ երթալ։
Ես այս երկիրը կը ճանչնամ, այս մարդոց ալ կը ճանչնամ։ Մեր մեծերը մեզի վաղուց բացատրած են, թէ այստեղ ինչպէս բաները կը զարգանան։
Իմ մեծ հայրս՝ Կարապետ Մուշեղեանը, Հալէպի մէջ ճարտարապետ էր։ 1947-ին, երբ ֆրանսացիները հեռացան, գործը ձգեց։ Մեր մեծերը մեզի պատմած են, թէ անցեալին ինչ եղած է եւ ինչ կրնայ պատահիլ։ Մենք այդ պատմութիւնները լսելով մեծցած ենք։
Նախկին կառավարութեան օրով ես պետական հիմնարկներու մէջ աշխատած եմ եւ աշխատանքիս համար գնահատուած, նոյնիսկ պարգեւատրուած եմ։ Բայց հիմա ուրիշ պայմաններ են։
— Այսինքն՝ նոր կառավարութեան դէմ չէ՞ք։
Ո՛չ։ Նոր կառավարութեան դէմ չենք։ Մենք կառավարութիւն կ՚ուզենք։
Եթէ կառավարութիւն մը ըլլայ եւ իր գործը ընէ, շատ բան կրնայ կարգաւորուիլ։ Խնդիրը այն է, որ կառավարութիւնը դեռ այստեղ չէ հասած։
Պէտք է պետական կառոյցները կազմակերպուին։ Երբ պետութիւն կայ, կրնաս խօսիլ, դիմում ընել, պահանջ ներկայացնել, աշխատիլ։ Հիմա մեր թուղթերը կեցած են, պետական հիմնարկները չեն գործեր։

— Իսկ դուք այսօր ինչպէ՞ս կ՚ապրիք։
Թոշակառու եմ։ Կառավարութեան քով աշխատած ժամանակ ամսական շուրջ 1200 տոլար կը ստանայի։ Հիմա այդ եկամուտը չկայ։
Երկու տարիէ ի վեր ամէն ինչ կեցած է։ Նոյնիսկ մեր ամսականները չենք ստացած։
Քոյրս ալ 35 տարի կառավարական հիւանդանոցին մէջ աշխատած է։ Իր փաստաթուղթերն ալ այրեցին։
— Ամուտան այսօր ապահով վա՞յր է։
Համեմատաբար ապահով է։ Ես շատ չեմ շրջիր, ամէն տեղ չեմ երթար։ Ընկերներ ունիմ, երբեմն անոնց հետ դուրս կ՚ելլեմ։
Գիւղատնտեսական դեղերու խանութներն ալ երբեմն զիս կը կանչեն, որովհետեւ բոյսերու եւ գիւղատնտեսութեան մասնագէտ եմ։
Հալէպի համալսարանը աւարտած եմ 1988-ին։ Մի քանի անգամ Ամերիկա գացած-եկած եմ։ Եղբայրս Ամերիկա է, երկու քոյրերս ալ հոն են, Խաչիկ եղբայրս՝ Քուէթ։ Բոլորս ուսանած ենք։
— Գամիշլիի կամ Հասաքէի կողմերը հիմա կը յաճա՞խ երթաք։
Գամիշլի ամիսը մէկ անգամ կ՚երթամ։ Տրպասիէ եւ Հասաքէ չեմ երթար։ Արդէն 14-15 տարի է՝ Հասաքէ չեմ գացած։
Մեր ազգականները այնտեղ այլեւս չկան։ Մուղէղեաններն ալ մահացած են։
Առաջ շատ կ՚երթայինք-կու գայինք։ Հիմա ճամբաները առաջուան պէս չեն, մենք ալ մեր տունէն շատ հեռու չենք երթար։
— Հալէպ ինչո՞ւ չէք կրնար երթալ։
Մեր տուները մեծ մասամբ քանդուած են կամ ուրիշներու ձեռքը անցած։ Եթէ երթաս, նոյնիսկ բանալիները փոխուած են։ Տունդ այլեւս այն տունը չէ, որ ձգած էիր։
Իմ հօրեղբօրս շէնքը Միտանի մէջ՝ «Զաւարեան» դպրոցի անկիւնը, գետնին հաւասարեցուցին։ Շէնքին վրայ ռումբ նետուած էր։ Տակը թորնոյի խանութ կար։ Կ՚ըսէին՝ թերեւս հոն զէնք կամ ռումբ կը պատրաստեն, եւ այդ պատճառով զարկին։
Հիմա հօրեղբօրս աղջիկը փաստաբան է։ Շէնքը կրկին կառուցած է՝ երկու յարկով եւ խանութներով։
— Նախկինին Ամուտայի մէջ որքանո՞վ մեծ էր քրիստոնեայ համայնքը։
Նախկինին շուրջ 2800 քրիստոնեայ ընտանիք կար։
Չորս եկեղեցի ունէինք՝ հայկական, սուրիական, կաթոլիկ եւ բողոքական։
Հիմա գրեթէ մարդ չկայ։ Սուրիականներուն Մար Մորիս եկեղեցին տակաւին կայ, բայց քահանան Հասաքէէն կու գայ՝ Զատիկի օրերուն կամ երբ արարողութիւն մը ըլլայ։
— Իսկ Ամուտայի ընդհանուր բնակչութիւնը ներկայիս որքան է։
Մօտաւորապէս 50-60 հազար կրնայ ըլլալ։ Արաբներ կան, քիւրտեր կան, ուրիշներ ալ կան։
Նախկինին քիւրտերը շատ աւելի քիչ էին, հիմա բազմացած են։
Բայց հայ չկայ։
Ինձմէ զատ հայ չկայ։
— Այսինքն՝ դուք այսօր Ամուտայի մէջ միակ հայն էք։
Այո՛։ Միակ հայը ես եմ։
Վերջերս եկան ֆիլմ մը պատրաստելու։ Մայրս Խարբերդէն էր։ Անոնք մինչեւ Խարբերդ գացին, ֆիլմ պատրաստեցին, մեր պատմութիւնն ալ ներկայացուցին։
Բայց հիմա մարդ չի հարցներ։ Հայերը ոչ կու գան, ոչ կ՚երթան։
Երբեմն Առաջնորդարան կ՚երթամ՝ Հայր Սուրբ Լեւոն Եղիայեանին քով։ Քահանայ Պսակն ալ կը ճանչնամ։
— Ջուրի եւ ելեկտրականութեան հարցը ինչպէ՞ս կը լուծէք։
Ջուր կայ։ Ելեկտրականութիւնը մեր միջոցներով կը ստանանք։
Ջուրի 16 հոր ունինք։ Այդ հորերը փորած ենք շուրջ քսան տարի առաջ, երբ ես կառավարական կալուածներու պատասխանատուն էի։ Ես ստորագրած էի այդ աշխատանքները։
Այդ 16 հորերը կրնան ջուր տալ Ամուտային, Գամիշլիին, Հասաքէին եւ Տրպասիէին։
Ջուրը շատ է եւ շատ մաքուր։ Հորերը 400-500 մեթր խորութեան վրայ են։ Մոթորներով ջուրը կը քաշեն եւ ժողովուրդին կը հասցնեն։
.jpg)
— Ամուտայի շուրջ ի՞նչ քաղաքներ կան։
Ես հիւսիսային կողմը կը գտնուիմ։ Աջ կողմը Գամիշլին է, անկէ ետք՝ Գահթանիէն եւ Մալիքիէն։ Ձախ կողմը Տրպասիէն է, յետոյ՝ Ռաս ալ-Այնը։
— Այդ քաղաքներուն մէջ հայեր կա՞ն։
Գրեթէ չկան։ Գամիշլիի մէջ տակաւին հայեր կան, Ամուտայի մէջ՝ ես։ Ուրիշ տեղ գրեթէ հայ չմնաց։
Շատ ծանր բաներ պատահեցան։ Երբ վախը մեծցաւ, մարդիկ եկան, ուրիշներուն ղրկեցին՝ «Գացէք, քանդեցէք, թալանեցէք»։ Մեր ընկերները բոլորը հեռացան։
Հասաքէի կողմերը ասորի քրիստոնեայ շատ ընկերներ ունէինք։ Անոնք ալ գացին՝ Շիքակօ, Շուէտ եւ այլ երկիրներ։
Կամաց-կամաց քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը կը նօսրանայ, ժողովուրդը կը պարպուի։
Մենք այն տպաւորութիւնը ունէինք, որ Փութինը քրիստոնեաները պիտի պաշտպանէ, պիտի նայի անոնց վիճակին։ Բայց ի՞նչ եղաւ։ Փութինը քրիստոնեաները մինակ ձգեց։
Ո՛չ մէկը եկաւ հարցնելու, թէ ինչո՞ւ քրիստոնեաները կը հեռանան, ինչո՞ւ իրենց տուները կը լքեն, ինչո՞ւ քաղաքները կը պարպուին։
Ամուտայի մէջ ժամանակին շուրջ 2800 քրիստոնեայ ընտանիք կար։ Հիմա այդ համայնքը գրեթէ գոյութիւն չունի։ Հայերն ալ հեռացան։
Հայկական տուները տակաւին կրնաս տեսնել։ Կը նայիս՝ տունը հայու տուն է, բայց հայը չկայ։ Կը քանդեն, կը փոխեն, ուրիշ բանի կը վերածեն։
Ժողովրդագրութիւնը ամբողջութեամբ փոխուած է։
Հայկական եկեղեցին ալ քանդուած է։
Երբ ժողովուրդը հեռանայ, միայն մարդիկ չեն կորսուիր։ Իրենց հետ կը կորսուի քաղաքի յիշողութիւնը, պատմութիւնը, ամբողջ կեանքը։
Մենք այստեղ ծնած ենք, այստեղ մեծցած ենք։
Հիմա տուները կան, բայց ժողովուրդը չկայ։
Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի