Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն այսօր մեկնարկած Արաբական Լիկայի գագաթաժողովին, սայթաքած եւ գետին ինկած է, կը հաղորդէ «BBC»ն: Ան քալած ժամանակ, ուշադրութիւն չդարձնելով բեմի եզրին, ինկած է: Անոր օգնականները շտապած են օգնել իրեն ոտքի կանգնիլ:
Աւելի ուշ լիբանանեան լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ նախագահ Աուն լաւ է, եւ կը գտնուի ժողովի դահլիճէն ներս եւ անձամբ հանդէս պիտի գայ Լիբանանի անունէն: