Մոսկուա-Երեւան երթուղին իրականացնող ուղեւորատար հանրակառքը Հիւսիսային Օսիայի մայրուղիին վրայ բախած է բեռնատարին, որուն հետեւանքով զոհուած է 5 մարդ, վնասուածքներ ստացած՝ 27 հոգի: Artsakhpress-ի հաղորդմամբ, ողբերգական ելքով վթարը տեղի ունեցած է 14 Հոկտեմբերին` ժամը 04:30-ին` «Կովկաս» ճանապարհին:
Ըստ Vesti.ru-ի՝ Հիւսիսային Օսիայի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կայքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Mercedes մակնիշի հանրակառքը, որուն մէջ եղած է 52 հոգի, մեծ արագութեամբ բախած է Scania բեռնատարին: Ըստ նախնական տուեալներուն` վթարը տեղի ունեցած է հանրակառքի վարորդին մեղքով:
«Ըստ նախնական տուեալներու` 4 մարդ մահացած է դէպքի վայրին մէջ»,- նշուած է Ներքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրին համաձայն՝ այժմ դէպքի վայրին մէջ կ՝աշխատին հրշէջները, բժիշկներն ու իրաւապահները, որոնք կը փորձեն պարզել տեղի ուենցածին պատճառները: