Ռուսիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան լրագրողներուն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի կողմէ ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ սկսած էր երկրի օրինական իշխանութեան աժակցելու նպատակով: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Զախարովան հերքեր է Արեւմուտքի կողմէ Մոսկուային ուղղուած մեղադրանքները, ուր կը պնդուի, թէ Ռուսաստանը իր օդանաւները Սուրիա ուղարկած էր, այնտեղ տիրող քաղաքացիական պատերազմի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատին աջակցելու համար: «Այդպէս կարելի կ'լլար ըսել, եթէ Ռուսիան իր ուժերը ուղարկէր 2011-ին կամ 2012-ին» ըսած է Զախարովան, հաստատելով, որ Ռուսիան որեւէ կողմի մը չ'աջակցիր, այլ ան կը վարէ երկրի ներքին հարցերուն չմիջամտելու քաղաքականութիւն մը եւ կը պաշտպանէ Սուրիոյ մէջ օրինական իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հանրապետութեան հողային ամբողջութիւնը:
Զախարովան նաեւ աւելցուցած էր, որ Ռուսաստանը Սուրիոյ մէջ օդային գործողութիւնները սկսած էր, նախապէս որոշելով անոր տեւողութիւնն ու յստակ նպատակները, որն էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, մանաւանդ ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնութեան կողմէ այդ ուղղութեան տարուած ջանքերու ձախողութենէն ետք:
