Գրիգոր Տէր Յակոբեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է ԱՄՆ նախագահին՝ դառնալով Իրաքի Հանրապետութեան դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Այս մասին կը հաղորդէ Հայերը Սուրիոյ մէջ Facebook-ի էջը։
Աղբիւրին համաձայն՝ Գրիգոր Տէր Յակոբեան առաջին հայն է ու քրիստոնեան, որ դիւանագիտօրէն պիտի ներկայացնէ Իրաքը Ուաշինկթընի մէջ։