image

Ազունիէի նոր ծրագիրը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Ազունիէի նոր ծրագիրը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Անցնող երեք տարիներուն Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին մէջ բարգաւաճման եւ բարեկարգման ծրագիրները թափ առած են:

Հիմնական մայր շէնքի բարեզարդումը` ներքին եւ արտաքին, մատուռի, խորանի եւ սրբանկարի վերանորոգութիւնը, ջուրի, ելեկտրականութեան, շարժակներու, զտարաններու նորոգութիւնը, հիւրասենեակներու ստեղծումը, խոհանոցի նորոգութիւնը, նոր փոխադրակառքով օժտուիլը, պաշտօնէութեան վերաորակաւորումը, 100-ամեակի առիթով յուշամատեանի հրատարակութիւնը, տեսախցիկներու զետեղումը, պարտէզի եւ ծառերու հսկողութիւնը դրական անդրադարձ ունեցան թիւի, բարերարներու հետաքրքրութեան եւ վստահութեան իմաստով:

Անցնող տարուան ընթացքին «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին հետ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրի կնքումը, ինչպէս նաեւ այս տարուան ընթացքին վեհափառ հօր ցուցմունքով Զուիցերիոյ Արմէնոֆազ հիմնարկէն 750.000 տոլարի յատկացումը նոր փուլ մը բացին բուժարանին առջեւ:

1982-էն ի վեր հրէական յարձակումներու թիրախ դարձած երեք յարկանի «Կիւլպէնկեան» շէնքը ծանր վնասներ կրած էր եւ ոչ գործածելի վիճակի մէջ կը գտնուէր:

Բուժարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը Վերականգնողական (Rehab) բաժանմունքին ծրագիրը ներկայացուցին վեհափառ հօր, որ իր կարգին մանրամասն քննարկելէ ետք, թելադրեց, որ Արմէնոֆազ հիմնարկին ներկայացնենք: Այդպէս ալ եղաւ, վեհափառին շարունակական հետապնդումներով ծրագիրը որդեգրուեցաւ, եւ գումարը փոխանցուեցաւ:

Ծրագիրին ճարտարապետն է Մկրտիչ Եափուճեանը, իսկ գործադրութեան հսկողութիւնը խնամակալութենէն կամաւորաբար ստանձնած է Յակոբ Լուսարարեանը: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ յաւելեալ 30 հոգինոց Վերականգնողական բաժանմունք մը, ֆիզիոթերափիի բաժանմունք եւ այլ մասնագիտական բաժիններ:

Փետրուար 2027-ի աւարտին, երեք յարկանի շէնքը պէտք է աւարտի եւ պաշտօնական բացումը կատարուի:

Յիշենք, որ խնամակալութիւնը կը բաղկանայ աւետարանական եւ առաքելական համայնքներու զաւակներէն` վեր. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Արամ Ա. վեհափառ հօր հսկողութեամբ:

Խնամակալութեան կողքին կը գործեն Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինն  (ԱՏՕՄ) ու Հայ ազգային բուժարանի երիտասարդական յանձնախումբը:

Անցեալ տարուան ընթացքին թէ՛ դպրոցներէ, թէ՛ միութիւններէ եւ թէ՛ անհատական այցելութիւններուն թիւը զգալի աճ արձանագրած է:

Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը ունի` իր տնօրէնը, բժշկապետը, բժշկական խմբակ մը, հիւանդապահներ, օգնական հիւանդապահներ, խնամող պաշտօնեաներ, պահակ, պարտիզպան եւ մատակարար:

Կը գործէ զոյգ գրասենեակներով` Պուրճ Համուտ եւ Ազունիէ: Ինչպէս նաեւ հաշուապահութիւնը կը հսկուի հաշուապահական մասնագիտական գրասենեակի մը կողմէ:

Ֆրենզնոյի հայ բժիշկներու առաքելութիւնը, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցւթիւնը, Հայկական բժշկական ֆոնտը (AMF), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսն ու այլ հաստատութիւններ միշտ զօրավիգ են բուժարանի բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

Յակոբ Լատոյեան