image

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ ՝ Տ. Թորգոմ Եպս. կարեւոր առաքելութեամբ հասած է Երեւան

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ ՝ Տ. Թորգոմ Եպս. կարեւոր  առաքելութեամբ հասած է Երեւան

Հայաստանեայց Առաքելական  Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեան կարճ այցելութեամբ մը ժամանած է Հայաստան։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Արեւմտեան Թեմին մօտիկ կանգնած իր աղբիւրներէն։

 

 Մեր տեղեկութիւններով Սրբազան Հայրը Երեւան ժամանած է Արցախի 44 -եայ պատերազմէն տուժածներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու նպատակով։ 

 

 Այցելութիւն, որ մասնաւորապէս այս ծանր օրերուն ողջունելի է բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ աւելի քան ապահով ենք, որ Սրբազան հօր այս առաքելութիւնը պիտի պսակուի վաւերական յաջողութեամբ։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեան տարի մը առաջ ընտրուած էր Թեմի Առաջնորդ փոխարինելով Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, եւ որպէս երիտասարդ ու ժրաջան Առաջնորդ, կարողացած է ստեղծել համայնքային աշխոյժ գործիչներու գործունեայ ցանց մը, այդպիսով իրականցնելու համար կրօնական, ազգային, համայնքային եւ համահայկական մակարդակի կարեւորագոյն ծրագիրներ։