image

Նիկոլ Փաշինեան դատական հայց ներկայացուցած է Էդգար Ղազարեանի դէմ

Նիկոլ Փաշինեան դատական հայց ներկայացուցած է Էդգար Ղազարեանի դէմ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դատական հայց ներկայացուցած է Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդգար Ղազարեանի դէմ։

«Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգի տուեալներով՝ հայցադիմումը Երեւանի քաղաքացիական դատարան մուտքագրուած է Հոկտեմբեր 1-ին եւ մակագրուած՝ դատաւոր Մարինա Տաշչեանին։

Նիկոլ Փաշինեան կը պահանջէ պարտաւորեցնել Էդգար Ղազարեանը հրապարակաւ հերքելու 2026-ի Սեպտեմբեր 27-ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին իր հասցէին հնչեցուցած արտայայտութիւնները։ Խօսքը պատգամաւորի այն յայտարարութեան մասին է, թէ 2020-ի Հոկտեմբեր 6-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած խորհրդակցութենէն ետք Փաշինեան «սկսած է թշնամիին ուղիղ տեղեկութիւններ տալ»։

Ըստ դատական հայցին՝ հերքումը պէտք է կատարուի «News.am» լրատուամիջոցի ուղիղ եթերին՝ առանց յաւելումներու կամ մեկնաբանութիւններու։ Պատասխանողը պէտք է ընթերցէ յայտարարութիւն, որուն մէջ նշուի, թէ իր հնչեցուցած տեղեկութիւնները սուտ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։

Փաշինեան նաեւ կը պահանջէ Էդգար Ղազարեանէն իր օգտին բռնագանձել 6 միլիոն դրամ՝ որպէս փոխհատուցում։