image

Մոսկուայի մէջ մեծ ծեծկռտուք. Պատճառը ներգաղթեալներն են

Մոսկուայի մէջ մեծ ծեծկռտուք. Պատճառը ներգաղթեալներն են

Մոսկուայի հարաւ-արեւելքը՝ «Քուզմինքի» մեթրոկայարանի մօտակայքը, զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած է աշխատանքային ներգաղթյալներու միջեւ, որոնք Կեդրոնական Ասիայէն են:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իր աղբիւրին, ծեծկռտուքի մասնակիցներն Ուզպեքստանէն եւ Ղրղզստանէն ժամանած աշխատանքային ներգաղթեալներ են: Անոնց միջեւ վիճաբանութիւն ծագած է անձնական հակակրանքի հողի վրայ: Բախման ներգրաւուած է շուրջ 100 մարդ: Որոշ աղբիւրներ կը նշեն 200 թիւը:

Ոստիկանները յաջողած են կանգնեցնել կռիւը, որմէ ետք մօտ 20 մարդ ձերբակալուած է:

ՌԴ մայրաքաղաքային ոստիկանութենէն յայտնած են, որ «շարք մը քաղաքացիներ» ծեծկռտուքէն ետք ոստիկանական բաժանմունք տեղափոխուած են:

Աղբիւրի տուեալներով` ծեծկռտուքի մասնակիցներէն ոմանք բուժօգնութեան դիմած են: