Պաշտօնական Պաքուն կոչ ըրած է հայկական սփիւռքին՝ դադրեցնելու այսպէս կոչուած «վրէժխնդրական» գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական եւ նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւ։
«Մենք գիտենք սա, եւ խաղաղութեան գործընթացն ունի բազմաթիւ «խանգարողներ», որոնք կրնան խաթարել երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան օրակարգը։ Մենք նաեւ կը տեսնենք, որ հայկական սփիւռքի «վրէժխնդրական» ուժերը տակաւին գոյութիւն ունին եւ կը փորձեն խաթարել խաղաղութեան օրակարգը։ Ես կրկին կ՚օգտուիմ այս առիթէն՝ կոչ ընելով անոնց եւ յիշեցնելով, որ արեւմտեան երկիրի մէջ նստիլն ու նման բացասական եւ կործանարար օրակարգ առաջ մղելը ոչ մէկ բանի կը նպաստէ», ըսած է Հաճիեւ Ուրբաթ օր Պաքուի մէջ կայացած CACM 2026 տարածաշրջանային համաժողովին։
Հաճիեւ նշած է, որ խաղաղութեան օրակարգին խոչընդոտներէն մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան այն յօդուածն է, որ տարածքային պահանջներ կը նախատեսէ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Անոր համաձայն՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը պիտի ամրապնդէ Երեւանի դիրքերը՝ Պաքուի հետ կապեր հաստատելու եւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար։
«Հետեւաբար, այս սահմանադրական դրոյթը փոփոխելով՝ մենք կ՚ուզէինք տեսնել հայ ժողովուրդին վերջնական վճիռը, որ ան տարածքային պահանջներ չունի Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Այսպիսով, հայ ժողովուրդին հետ վերջնական խաղաղութեան կնքումը եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, կը կարծեմ, պիտի երաշխաւորեն տարածաշրջանային անվտանգութիւնը», ընդգծած է ան։
Անոր խօսքով՝ այսօր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաստատուած է նոր իրավիճակ, որ հիմնուած է արդարութեան, պատմական իրականութեան եւ միջազգային իրաւունքի կանոններուն ու սկզբունքներուն վրայ, եւ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ պահպանել զայն։
«Սա նաեւ Ատրպէյճանին հնարաւորութիւն կու տայ դուրս գալու հակամարտութեան պատմութենէն։ Այժմ այդ անցեալի մէջ է, եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութիւնն ալ կը փոխուի։ Նախապէս հակամարտութիւնը Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ մեր ռազմավարական մտածողութիւնը կը կապէր աշխարհաքաղաքական շղթաներով։ Այժմ մենք դուրս կու գանք այս սահմաններէն եւ զայն կը կոչենք Ատրպէյճանի բազմակի աշխարհաքաղաքական ինքնութիւններ», աւելցուցած է Հաճիեւ։