image

Պտոյտ-այցելութիւն դէպի Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարան

Պտոյտ-այցելութիւն դէպի Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարան

Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինի նախաձեռնութեամբ Պէյրութէն, Պոլոնիայէն եւ Այնճարէն խումբ մը մասնակիցներ, օրերս, այցելեցին Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան՝ մասնակցելու մատուռի նորակառոյց խորանի ծածկոցի օրհնութեան եւ այցելութեան յայտագիրին։ 

Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2026-ին, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինը (ԱՏՕՄ) կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան:

Պէյրութէն, Պոլոնիայէն եւ Այնճարէն պտոյտին մասնակիցները առաջին հերթին ուղղուեցան բուժարանի մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ նորակառոյց խորանին ծածկոցի օրհնութիւնը` ձեռամբ Մովսէս վրդ. Եօսուլքանեանի: Ան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ խորանը զարդարող իրերուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ բուժարանին կարեւորութեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ այս հաստատութիւնը դառնայ բոլորին գուրգուրանքի առարկան, որովհետեւ կարեւոր առաքելութիւն կը տանի:

Ապա մասնակիցները հիւրընկալուեցան գեղատեսիլ բնութեան գիրկը գտնուող բուժարանի հիւրասրահին մէջ, ուր ԱՏՕՄ-ի անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց  Ցoղիկ Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ մարմինին ծաւալած այլազան գործունէութեան: Ապա խնամակալութեան ներկայացուցիչ Սօսի Փոլատեան ծանօթացուց խնամակալութեան ցարդ տարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ ապագայի իրագործելի փոփոխութիւններուն մասին` բուժարանը աւելի ամուր եւ աւելի արդիական կառոյցի մը վերածելու նպատակով:

Գեղարուեստական բաժինով ներկաները ունկնդրեցին հայկական ճոխ երաժշտութիւն` թմբուկի վրայ Մարք Քէնտիրճեանի եւ շուիով` Վիքի Հաւաթեանի կատարողութեամբ: Անկէ ետք մասնակիցները ունեցան իրենց կէսօրուան ճաշը`  ճաշարան «Արեւ»-ին կողմէ պատրաստուած:

Մթնոլորտը ճոխացուց Վահէ Գամպուրեան` հայ եւ օտար այլազան երգերով: Այս հաճելի մթնոլորտէն խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ, եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը:

ԱՏՕՄ-ի այս նախաձեռնութիւնը դրական կերպով ընկալուեցաւ մասնակիցներուն կողմէ, որոնք ոչ միայն բարձր տրամադրութեամբ եւ լաւ տպաւորութեամբ բաժնուեցան Հայ ազգային բուժարանէն, այլ նաեւ` բաւարարուած ու գոհունակ սրտերով: