Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին երեւելի դարձած է, որ Հորմիւզի նեղուցին մէջ խաղը կը փոխուի։
Մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ընթացող դիմակայութիւնը հիմնականօրէն կը զարգանար տնտեսական պատժամիջոցներու, ծովային շրջափակման, ռազմական խարիսխներու հարուածներու եւ փոխադարձ սպառնալիքներու շրջանակին մէջ։ Սակայն վերջին օրերու զարգացումները կը վկայեն, որ կողմերը կը մտնեն շատ աւելի վտանգաւոր փուլ մը, ուր նաւթատարները կը վերածուին պատերազմի թիրախներու։
Այսինքն՝ Հորմիւզի մէջ այլեւս միայն «ով կը վերահսկէ նեղուցը» հարցը չէ, այլ՝ ո՞վ որքան գին կրնայ պարտադրել միւս կողմին։
Իրան առաջին անգամ այսքան բացայայտ կերպով իր ռազմական գործողութիւնները ուղղած է ամերիկեան ռազմածովային ուժերուն դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգները, իր հերթին, անցած է իրանական նաւթատարներու ուղղակի թիրախաւորման։
Արդիւնքը՝ նոր եւ վտանգաւոր բանաձեւ մը.
«Նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց»։
Եւ եթէ այս բանաձեւը շարունակուի, Հորմիւզի ճգնաժամը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ոչ միայն տարածաշրջանային ռազմական բախումի, այլեւ համաշխարհային ուժանիւթի շուկան ցնցող պատերազմի մը։
Թեհրան այլեւս միայն չի պաշտպանուիր
Ինչպէս կարելի էր ակնկալել, ամերիկեան ծովային շրջափակման եւ տնտեսական ճնշման սաստկացումը, որուն զուգահեռ կը շարունակուին Իրանի տարածքին ուղղուած ընդմիջական ռազմական հարուածները, Թեհրանը չմղեց միայն տնտեսական եւ առեւտրական շրջանցման միջոցներ որոնելու։
Այլ ընդհակառակը։
Իրան աստիճանաբար կը տեղափոխուի աւելի յարձակողական ռազմական քաղաքականութեան մը, որուն հիմնական նպատակն է փոխել պատերազմի պայմանները եւ հակառակորդին «հասկցնել», որ շրջափակումը կարելի չէ պարտադրել առանց գին վճարելու։
Վերջին երկու օրերու զարգացումները Իրանի պաշտօնատարներուն կողմէ բնորոշուեցան որպէս «խաղի կանոններու փոփոխութիւն»։
Եւ այս արտայայտութիւնը պատահական չէ։
Միւս կողմէ, «Յեղափոխութեան պահակազօր»ի ռազմածովային ուժերը յայտարարեցին, թէ հրթիռային հարուածներ հասցուցած են ամերիկեան օդանաւակիրի մը եւ ռազմական նաւի մը։ Իրանական կողմը գործողութիւնը ներկայացուց իբրեւ պատասխան ամերիկեան ուժերու կողմէ «ծովային ինքնիշխանութեան խախտման» եւ Իրանի դէմ շարունակուող «անարդար շրջափակման»։
Սակայն այս յարձակման կարեւորութիւնը միայն արձակուած հրթիռներուն մէջ չէ։
Աւելի կարեւոր է այն, որ Թեհրան փոխած է իր թիրախները։
Մինչեւ հիմա իրանական գործողութիւնները հիմնականօրէն ուղղուած էին ամերիկեան ցամաքային խարիսխներու, հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու կամ առեւտրական նաւերու դէմ։ Այժմ, սակայն, թիրախը ամերիկեան ռազմածովային ուժերն են՝ այն ուժերը, որոնք Իրանի ծովային շրջափակման հիմնական գործիքն են։
Այս նաւերը միայն Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններ կատարող միաւորներ չեն։ Անոնք նաեւ այն ուժն են, որ կը փորձէ վերահսկել Իրանի նաւթային արտահանումը, սահմանափակել նաւերու երթեւեկութիւնը եւ ճնշում գործադրել Թեհրանի տնտեսական կեանքին վրայ։
Այս պատճառով ալ ամերիկեան ռազմածովային ուժերուն ուղղուած իրանական հարուածը ունի ռազմականէն անդին՝ քաղաքական եւ տնտեսական պատգամ մը։
Պատգամը պարզ է.
Եթէ դուք կը փորձէք փակել Իրանի ծովային ճանապարհները, Իրանն ալ պատրաստ է վտանգի տակ դնելու ձեր նաւերը։
Ամերիկեան պատասխանը՝ երեք իրանական նաւթատար
Ամերիկեան Կեդրոնական հրամանատարութիւնը՝ «Սենթքոմ»ը, հաստատեց իրանական կողմի յայտարարած բախումը, սակայն պնդեց, թէ իրանական հրթիռային հարուածները կասեցուած են եւ մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած։
Բայց Ուաշինկթընի պատասխանը չուշացաւ։
Նոյն օրը ամերիկեան ուժերը թիրախաւորեցին Ծոցի եւ Օմանի ծովուն մէջ գտնուող երեք իրանական նաւթատարներ։
Նաւերէն մէկը կը գտնուէր Խարք կղզիին մօտ։
Խարքը սովորական կղզի մը չէ։ Անիկա Իրանի նաւթային արտահանման հիմնական կեդրոններէն է եւ հետեւաբար՝ իրանական տնտեսութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի։
Ամերիկեան «Սենթքոմ»ը յայտարարեց, թէ հարուածներուն հետեւանքով երեք նաւթատարները ամբողջովին դուրս մնացած են շահագործումէ։
Այս կէտին է, որ պատերազմի տրամաբանութիւնը կը սկսի փոխուիլ։
Որովհետեւ ամերիկեան ուժերը այլեւս միայն Իրանի ռազմական կառոյցները չեն թիրախաւորեր։ Թիրախ կը դառնայ իրանական նաւթային փոխադրութեան համակարգը։
Իսկ ասիկա արդէն շատ աւելի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։
Եթէ Թեհրան շարունակէ Հորմիւզի նեղուցը փակ պահելու կամ անոր երթեւեկութիւնը սահմանափակելու քաղաքականութիւնը, Ուաշինկթըն կրնայ աստիճանաբար աւելի մօտենալ իրանական նաւահանգիստներուն, կղզիներուն եւ նաւթային փոխադրութեան ուղիներուն։
Այսինքն՝ պատերազմը կրնայ տեղափոխուիլ դէպի այն վայրերը, ուր կը գտնուի Իրանի տնտեսական կենսականութիւնը։
Իրանէն կրկին պատասխան
Բայց Թեհրան չսպասեց։
Վերոնշեալ զարգացումներէն անմիջապէս ետք, ուշ երեկոյեան «Յեղափոխութեան պահակազօր»ի ռազմածովային ուժերը յայտարարեցին, թէ ամերիկեան հարուածներուն ի պատասխան՝ թիրախաւորած են երեք նաւթատարներ, որոնք Հորմիւզի նեղուցով կ՚անցնէին իրենց կողմէ «չարտօնուած ուղղութիւններով»։
Բացի այդ, իրանական կողմը յայտարարեց, թէ տարբեր շրջաններու մէջ հարուածած է նաեւ երեք ամերիկեան ռազմածովային միաւոր։
Յաջորդ օրը բախումները շարունակուեցան։
Իրանի ռազմածովային ուժերը յայտարարեցին, թէ թիրախաւորած են ամերիկեան հեռակառավարուող նաւակ մը, որ կը փորձէր մուտք գործել Հորմիւզի նեղուցի «պահպանուած գօտի»։
Ամերիկեան կողմը անմիջապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնը։
Այսինքն՝ պատերազմի այս փուլին մենք արդէն գործ ունինք ոչ միայն իրական ռազմական գործողութիւններու, այլեւ տեղեկատուական պատերազմի հետ։
Ո՞վ հարուածեց։
Ո՞վ կասեցուց։
Ո՞ր նաւը վնասուեցաւ։
Ո՞ր նաւը չվնասուեցաւ։
Եւ ամէնէն կարեւորը՝ ո՞վ կը վերահսկէ Հորմիւզը։
Այս հարցերուն պատասխանները երկու կողմերը բոլորովին տարբեր կերպով կը ներկայացնեն։
Միաժամանակ «Ֆարս» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ առնուազն երեք նաւթատարներ եւ հեղուկ բնական կազ փոխադրող նաւ մը, որոնք Հորմիւզի նեղուցի հարաւային ուղղութեամբ կ՚անցնէին, փոխած են իրենց ընթացքը՝ «Յեղափոխութեան պահակազօր»ի կողմէ ստացած նախազգուշացումէ մը ետք։
Այս մանրամասնութիւնը կարեւոր է։
Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ երկու կողմերն ալ կը պնդեն, թէ Հորմիւզի նեղուցը իրենց վերահսկողութեան տակ է, նաւերու ուղղութիւն փոխելը արդէն կը նշանակէ, որ նեղուցին մէջ անորոշութիւնը իրականութիւն է։
ժամանակը կը ճնշէ թէ՛ Թեհրանը, թէ՛ Ուաշինկթընը
Այս նոր բախումները մէկ ուրիշ իրականութիւն եւս կը բացայայտեն։
Երկու կողմերն ալ ժամանակի ճնշման տակ են։
Միացեալ Նահանգները կը փորձէ աստիճանաբար սահմանափակել Իրանի կարողութիւնը՝ վերահսկելու Հորմիւզի նեղուցը։ Ուաշինկթըն այդ նպատակին համար կը գործադրէ ռազմական սահմանափակ հարուածներ, ծովային շրջափակում եւ տնտեսական ճնշում։
Բայց Իրանը նոյնքան պարզ հաշիւ մը ունի։
Թեհրան կը փորձէ ամերիկեան կողմին պարտադրել այնպիսի տնտեսական եւ քաղաքական գին մը, որ Ուաշինկթընի համար պատերազմը այլեւս դիւրին որոշում մը չըլլայ։
Այսինքն՝ Իրան չի կրնար հաւասար ռազմական ուժով մրցիլ Միացեալ Նահանգներու հետ, բայց կրնայ փորձել պատերազմի գինը բարձրացնել։
Եւ այդ գինը առաջին հերթին կը կապուի նաւթին, ուժանիւթին եւ միջազգային առեւտուրին հետ։
Հորմիւզի նեղուցը այդ հաշուարկին մէջ կը ստանայ հսկայական նշանակութիւն։
Որովհետեւ աշխարհի նաւթային փոխադրումներու կարեւոր մասը կը անցնի այս նեղուցէն։
Հետեւաբար, Հորմիւզի երկարատեւ անկայունութիւնը կրնայ անդրադառնալ ոչ միայն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու, այլեւ ամբողջ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ։
Եւ Թեհրան շատ լաւ գիտէ ասիկա։
Թեհրանի հաշիւը՝ նաեւ ամերիկեան ընտրութիւններուն հետ կապուած
Իրանի ռազմավարութիւնը միայն ռազմական չէ։
Թեհրան հաշուարկներ կ՚ընէ նաեւ ամերիկեան ներքաղաքական դաշտին առնչութեամբ
Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան միջանկեալ ընտրութիւնները, եւ Իրանի հաշիւը այն է, որ ուժանիւթի գիներու բարձրացումը, միջազգային շուկաներու անկայունութիւնը եւ Հորմիւզի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը կրնան բացասաբար անդրադառնալ Հանրապետականներու դիրքին վրայ։
Այսինքն՝ իրանական ղեկավարութիւնը կը փորձէ պատերազմը դարձնել ոչ միայն արտաքին քաղաքական, այլեւ ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան հարց։
Եթէ ամերիկացի ընտրողը պատերազմին հետեւանքով սկսի զգալ վառելանիւթի գիներու բարձրացում, տնտեսական անորոշութիւն եւ նոր ռազմական ծախսեր, ապա Թեհրան կը կարծէ, որ այդ դժգոհութիւնը ի վերջոյ կրնայ ուղղուիլ Ուաշինկթընի դէմ։
Այս հաշուարկը որքանո՞վ ճիշդ է՝ ուրիշ հարց։
Բայց որ Իրան այդ ուղղութեամբ կը մտածէ՝ այլեւս գաղտնիք չէ։
«Համաչափ պատասխաններու» ժամանակը անցա՞ծ է
Իրանի խորհրդարանի նախագահ եւ բանակցային պատուիրակութեան ղեկավար Մոհամմատ Պաքէր Ղալիպաֆ այս տրամաբանութիւնը շատ աւելի կտրուկ ձեւով արտայայտեց։
Ան յայտարարեց, թէ «համաչափ պատասխաններ»ու փուլը աւարտած է եւ խաղի կանոնները փոխուած են։
Ղալիպաֆ ըսաւ, որ Իրան «համապարփակ պատերազմ»ի մէջ է եւ պնդեց, թէ իրանական զինուած ուժերու հարուածները ամերիկեան խարիսխներուն ստեղծած են այնպիսի իրավիճակ մը, որ Ուաշինկթընի որոշում կայացնողները շփոթի մատնուած են։
Ան նաեւ պնդեց, թէ ամերիկացիները կը դիմեն «դատարկ կարգախօսներ»ու եւ նոյնիսկ արհեստական բանականութեան՝ ռազմաճակատէն կեղծ նկարներ ու տեսանիւթեր ստեղծելու համար։
Սակայն Ղալիպաֆի ամենակարեւոր պատգամը ուրիշ էր։
Ան յայտարարեց, որ ամերիկացիները պէտք է հասկնան, թէ Իրանի պատասխանները այլեւս նախկինին նման պիտի չըլլան։
Այսուհետեւ, ըստ անոր, Իրանի դէմ որեւէ յարձակում պիտի ստանայ աւելի արագ, աւելի ծանր եւ աւելի ցաւոտ պատասխան։
Այս յայտարարութիւնը պէտք է լուրջի առնել, որովհետեւ անոր քաղաքական իմաստը շատ յստակ է։
Թեհրան կը փորձէ Ուաշինկթընը համոզել, որ պատերազմը այլեւս միակողմանի հարուածներու պատերազմ մը չէ։
Ամերիկա կը հարուածէ՝ Իրան կը պատասխանէ։
Ամերիկա նաւթատար կը թիրախաւորէ՝ Իրան նաւթատար կը թիրախաւորէ։
Ամերիկա կը փորձէ Հորմիւզը վերահսկել՝ Իրան կը փորձէ Հորմիւզի երթեւեկութիւնը վտանգել։
Այս է նոր տրամաբանութիւնը։
Թրամփի կատարած յայտարարութիւնները ուրիշ պատկեր կը ներկայացնեն
Այս ամբողջին մէջ կայ նաեւ էական հակասութիւն մը։
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջին օրերուն բազմիցս յայտարարած էր, թէ նաւերը Հորմիւզի նեղուցէն «լիովին դիւրութեամբ» կ՚անցնին եւ թէ նեղուցը ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ է։
Այս պնդումը, սակայն, հարցեր կը յառաջացնէ։
Եթէ Հորմիւզը իսկապէս ամբողջութեամբ ամերիկեան վերահսկողութեան տակ է, եթէ նաւերը առանց որեւէ խոչընդոտի կը շարունակեն իրենց երթեւեկութիւնը, ապա ինչո՞ւ ամերիկեան ուժերը անցած են իրանական նաւթատարներու ուղղակի թիրախաւորման։
Իրանի պետական «Իրան» օրաթերթը ճիշդ այս հակասութեան վրայ մատը կը դնէ։
Թերթին տրամաբանութիւնը պարզ է.
Եթէ Հորմիւզը ձեր վերահսկողութեան տակ է, ինչո՞ւ պէտք ունիք իրանական նաւթատարները հարուածելու։
Այս հարցը միայն քարոզչական հարց չէ։
Անիկա պատերազմի իրականութեան մասին հարց է։
Որովհետեւ ծովային գերակայութիւնը միայն նաւերու քանակով չի չափուիր։ Ան կը չափուի նաեւ այն կարողութեամբ, որով կարելի է ապահովել միջազգային նաւարկութիւնը, պահպանել առեւտրական ուղիները եւ հակառակորդին զրկել այդ ուղիները խափանելու կարողութենէն։
Եւ եթէ Հորմիւզի մէջ նաւերը սկսած են իրենց ուղղութիւնը փոխել, եթէ նաւթատարները նախազգուշացումներ կը ստանան, եթէ երկու կողմերը իրարու նաւերը կը թիրախաւորեն, ապա ակնյայտ է, որ նեղուցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը այնքան ալ «դիւրին» չէ, որքան կը ներկայացուի Ուաշինկթընի կողմէ։
Իսկ հիմա՝ ամենավտանգաւոր հարցը
Այս բոլորէն ետք հիմնական հարցը այլեւս այն չէ, թէ ո՞վ առաջինը հարուածեց։
Հարցը այն է, թէ ո՞ւր պիտի կանգնի այս սրացումը։
Քանի դեռ թիրախ կը դառնան ռազմական միաւորներ, երկու կողմերն ալ կրնան պնդել, թէ կը պահեն վերահսկողութիւնը եւ կը խուսափին ամբողջական պատերազմէ։
Բայց երբ նաւթատարները կը մտնեն թիրախներու ցանկին մէջ, խաղը կը փոխուի։
Որովհետեւ նաւթատար մը միայն ռազմական թիրախ չէ։
Անիկա ուժանիւթ է, առեւտուր է, ապահովագրութիւն է, համաշխարհային շուկայի վստահութիւն է եւ տնտեսական անվտանգութիւն։
Մէկ նաւթատարի հարուածը կրնայ մնալ մէկ նաւթատարի խնդիր։
Բայց երբ «նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց» բանաձեւը կը դառնայ պատերազմի մշտական կանոն, այդ ատեն Հորմիւզը կրնայ վերածուիլ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի մը մեկնակէտին։
Եւ այստեղ է իրական վտանգը։
Իրան կը փորձէ ցոյց տալ, որ կարելի չէ զինք խեղդել առանց հակահարուած ստանալու։ Ամերիկա կը փորձէ ցոյց տալ, որ Հորմիւզը իր վերահսկողութեան տակ է եւ Իրանը չի կրնար փակել աշխարհի ուժանիւթի հիմնական զարկերակներէն մէկը։
Երկու կողմերն ալ իրենց ուժը կը ցուցադրեն։
Բայց պատերազմներու ամենավտանգաւոր պահը այն չէ, երբ կողմերը կը սպառնան։
Ամենավտանգաւոր պահը այն է, երբ երկու կողմերն ալ կը սկսին հաւատալ, թէ միւսը պիտի նահանջէ։
Հորմիւզի մէջ այսօր կարծես այդ կէտին կը մօտենանք։
Եւ եթէ «համաչափ պատասխաններ»ու դարաշրջանը իսկապէս աւարտած է, ինչպէս կ՚ըսէ Թեհրան, ապա աշխարհը պէտք է պատրաստ ըլլայ ոչ միայն նոր հարուածներու, այլեւ շատ աւելի լայն պատերազմի մը տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքներուն։
Հորմիւզի ջուրերուն վրայ այսօր կը շարժին ոչ միայն նաւթատարներ։
Այդ ջուրերուն վրայ կը չափուի նաեւ այն սահմանը, որմէ անդին Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ դիմակայութիւնը կրնայ այլեւս դադրիլ ըլլալ սահմանափակ պատերազմ եւ վերածուիլ տարածաշրջանը ամբողջութեամբ վերաձեւող բախումի։
Հորմիւզը՝ պատերազմի նոր սահմանը
Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմը այլեւս միայն հարուածներու եւ հակահարուածներու մրցակցութիւն չէ։ Պայքարը աստիճանաբար կը տեղափոխուի դէպի այն կէտը, ուր իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ միւսին պարտադրել այնպիսի գին մը, որ ան ստիպուի վերանայելու իր հաշիւները։
Իրան իր նաւթային ճանապարհներն ու Հորմիւզի նեղուցը կը վերածէ ճնշման գործիքի։ Ամերիկա, իր կարգին, կը փորձէ այդ գործիքը կոտրել՝ ռազմական ուժով եւ տնտեսական շրջափակումով։ Բայց որքան երկու կողմերը կը սրեն իրենց քայլերը, այնքան կը նեղնայ նաեւ նահանջի տեղը։
Եւ այստեղ է իրական վտանգը։
Հորմիւզի հարցը այլեւս միայն Իրանին կամ Ամերիկային չի վերաբերիր։ Եթէ նեղուցը դառնայ մշտական բախումներու գօտի, հետեւանքները պիտի հասնին նաւթային շուկաներ, միջազգային առեւտուր եւ աշխարհի տնտեսութեան զգայուն կէտեր։
Այսօր «նաւթատար մը՝ նաւթատարի դիմաց» նոր «խաղ»ը կրնայ թուիլ սահմանափակ պատասխան մը։ Բայց եթէ այս բանաձեւը դառնայ պատերազմի մնայուն կանոնը, վաղը հարցը կրնայ այլեւս չըլլալ, թէ ո՞վ քանի նաւթատար կորսնցուց, այլ՝ ո՞վ առաջինը պիտի հասկնայ, որ այս պատերազմին վերջնական յաղթող մը կրնայ չըլլալ, իսկ պարտուողը պիտի դառնայ՝ ամբողջ տարածաշրջանը։
Հորմիւզի մէջ, հետեւաբար, այսօր կը փորձուի ոչ միայն ուժի հաւասարակշռութիւնը, այլեւ պատերազմի սահմանը։
Եւ այդ սահմանը որքան աւելի կը մօտենայ անդունդին, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ կանգ առնելը։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս