Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզը կը շարունակէ իր զարգացման եւ բարեկարգման աշխատանքները՝ երկրորդ տարին ըլլալով գործելով Ֆրանսայի կառավարութեան եւ AEFE-ի կողմէ հաւատարմագրուած հաստատութիւն։
Մանկապարտէզին կրթական ծրագիրներուն զուգահեռ, դասարաններն ու տարբեր յարմարութիւնները համապատասխանեցուած են հաւատարմագրման համար պահանջուող չափանիշներուն։ Այս տարի նորոգութեան աշխատանքներ սկսած են նաեւ փողոց նայող մուտքին վրայ, մինչ ներքին բարեկարգումները կը շարունակուին։
Միաժամանակ, ընթացքի մէջ է «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի ընդարձակման ծրագիրը։ Նախագիծը կը միտի Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի ընտանիքներուն համար ապահովել աւելի ընդարձակ, հիւրասէր եւ ապահով միջավայր՝ հաշուի առնելով ցերեկային մանկախնամքի աճող պահանջը։
Ստորեւ այդ մասին Մեսրոպեան Վարժարանի տեղեկատու գրասենեակին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզը արդէն երկրորդ տարին ըլլալով կը գործէ որպէս հաւատարմագրուած կրթական հաստատութիւն մը՝ արտացոլելով Ֆրանսայի կառավարութեան եւ AEFE-ի կողմէ մեզի հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ Կրթական ծրագիրներուն կողքին, մանկապարտէզի իւրաքանչիւր անկիւն, դասարաններն ու միւս բոլոր յարմարութիւնները համապատասխանեցուած են այս հաւատարմագրումին համար պահանջուող բարձր չափանիշներուն։
Այս տարի մանկապարտէզի փողոց նայող մուտքն ալ սկսած է «ժպտիլ»՝ մինչ ներքին նորոգութեան աշխատանքները կը շարունակուին։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի ընդարձակման ծրագիրն ալ արդէն ընթացքի մէջ է։ Հաշուի առնելով Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ ցերեկային մանկախնամքի զգալի պահանջը՝ մենք կը պատրաստուինք մեր ամենափոքրիկներուն համար ստեղծելու աւելի ընդարձակ, հիւրասէր եւ ապահով միջավայր մը։