Խորենացի փողոցի վրայ ստեղծուած «Համակարգող խորհուրդ»ը յայտարարութիւն մը կատարելով իշխանութիւններուն յայտնած է, թէ իրենք մինչեւ այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ը պիտի սպասեն, որպէսզի իշխանութիւնները լուծեն «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց սնունդի, դեղորայքի, ջուրի եւ անմիջական բուժօգնութեան հարցերը: Նշենք, որ այդ մարմին անունով հանդէս եկած է Ալեք Ենիգոմշեանը, որ նաեւ ըսած է, թէ այսօր երեկոյեան պարզ կը դառնայ իրենց յառաջիկայ ընելիքներուն ընդհանուր պատկերը: Ան նաեւ կոչ ուղղած է Հայաստանի մէջ գործող ազդեցիկ երկիրներու դեսպաններուն ու Միջազգային Կարմիր Խաչին, որ ճիգ իրականացնեն խնդրի խաղաղ հանգուցալուծումը ապահովելու համար: Մինչ Ենիգոմշեան սոյն յայտարարութիւնը կը կատարէր, ՀՀ ԱԱԾ-ն իր կարգին հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոցմէն պահանջած է անյապաղ կերպով զէնքերը վար դնել եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: ԱԱԾ-ն նաեւ յայտնած է, թէ անցնող օրերուն եղած են նոր ձերբակալութիւններ եւ պարզ դարձած է, որ ձերբակալեալները կապ ունին «Սասնայ ծռեր» խումբի գործունէութեան հետ: ԱԱԾ-ն, նաեւ «Սասնայ ծռեր» խումբին յղուած պահանջագիրով մը եւ անոնցմէ յանձնուիլ պահանջելով ներկայացուցած է այն բոլոր քայլերը, որ պէտք է կատարուին զինեալներու յանձնուումը խաղաղ կերպով ապահովելու համար: Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի , որ յանձնուելու պարագային զինեալները սահմանադրական հիմունքներով զերծ պիտի մնան քրէական պատասխանատուութիւն կրելէ, յիշեցնելով նաեւ, որ չյանձնուելու պարագային «Սասնայ ծռեր» խումբի արարքները կատարողներուն կը հասնի մինչեւ 15 տարի բանտարկութիւն: