image

Մինչ ԱԱԾ-ն զինաթափման կոչ կ'ընէ, «Համակարգող խորհուրդ»ը վերջնաժակէտ կու տայ իշխանութիւններուն

Մինչ ԱԱԾ-ն զինաթափման կոչ կ'ընէ, «Համակարգող խորհուրդ»ը   վերջնաժակէտ կու տայ  իշխանութիւններուն

Խորենացի փողոցի վրայ ստեղծուած «Համակարգող խորհուրդ»ը յայտարարութիւն մը կատարելով  իշխանութիւններուն յայտնած է, թէ իրենք     մինչեւ այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ը պիտի սպասեն, որպէսզի իշխանութիւնները լուծեն  «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց սնունդի, դեղորայքի, ջուրի եւ  անմիջական բուժօգնութեան հարցերը:  Նշենք, որ    այդ մարմին անունով հանդէս եկած է  Ալեք Ենիգոմշեանը, որ նաեւ ըսած է, թէ այսօր երեկոյեան պարզ կը դառնայ իրենց  յառաջիկայ  ընելիքներուն   ընդհանուր   պատկերը: Ան նաեւ կոչ ուղղած  է Հայաստանի մէջ գործող ազդեցիկ երկիրներու   դեսպաններուն ու Միջազգային Կարմիր Խաչին, որ     ճիգ  իրականացնեն խնդրի    խաղաղ   հանգուցալուծումը  ապահովելու համար:   Մինչ Ենիգոմշեան  սոյն յայտարարութիւնը կը կատարէր,  ՀՀ ԱԱԾ-ն իր կարգին հաղորդագրութեամբ  մը հանդէս գալով «Սասնայ ծռեր»  խումբի տղոցմէն պահանջած է անյապաղ կերպով զէնքերը վար դնել եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն:  ԱԱԾ-ն  նաեւ   յայտնած է, թէ     անցնող օրերուն եղած են  նոր ձերբակալութիւններ   եւ  պարզ  դարձած է, որ ձերբակալեալները կապ ունին «Սասնայ ծռեր» խումբի գործունէութեան  հետ:  ԱԱԾ-ն, նաեւ    «Սասնայ ծռեր» խումբին յղուած պահանջագիրով մը եւ  անոնցմէ յանձնուիլ  պահանջելով  ներկայացուցած է այն բոլոր քայլերը, որ պէտք է կատարուին   զինեալներու յանձնուումը  խաղաղ  կերպով ապահովելու  համար: Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի , որ յանձնուելու պարագային   զինեալները       սահմանադրական հիմունքներով   զերծ  պիտի մնան   քրէական  պատասխանատուութիւն կրելէ, յիշեցնելով նաեւ, որ  չյանձնուելու  պարագային «Սասնայ ծռեր» խումբի  արարքները կատարողներուն կը  հասնի մինչեւ  15 տարի բանտարկութիւն: