image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ Ազգային-Պետական գործիչ Տօքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի պարգեւատրումը՝ Երեւանի մէջ

Լիբանանահայ Ազգային-Պետական գործիչ Տօքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի պարգեւատրումը՝ Երեւանի մէջ

Երկար տարիներու քաղաքական, հասարակական եւ պատմագիտական գործունէութիւնը այս անգամ ստացաւ պաշտօնական գնահատական։

«Արեւելք»,- Երեւանի մէջ, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի 23-րդ Համագումարի օրերուն, տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան արժանացաւ «Փարամազ»ի անուան շքանշանին՝ կուսակցութեան բարձրագոյն պարգեւին։ Արարողութիւնը առիթ էր մէկտեղելու անոր գործունէութեան տարբեր հանգրուանները՝ կուսակցական կեանքէն ու Լիբանանի խորհրդարանական գործունէութենէն մինչեւ պատմագիտութիւն եւ հրատարակչութիւն։

Երեւան, 23 Սեպտեմբեր 2026 – Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 23-րդ Համագումարի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ տօքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին անոր շնորհուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի բարձրագոյն պարգեւը՝ Փարամազի անուան շքանշանը՝ ի գնահատանք կուսակցական, ազգային-հասարակական եւ պատմագիտական երկարամեայ գործունէութեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնի անդամ Տիգրան Միհրանեան։ Ան նշեց, որ պարգեւատրման արարողութիւնը նախապէս նախատեսուած էր կատարել Լիբանանի մէջ, սակայն զանազան պատճառներով յետաձգուած էր։ Լիբանանի շրջանի անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան՝ Համագումարին առիթով Երեւանի մէջ շքանշանի տուչութիւնը կազմակերպելու հնարաւորութեան համար։

Այնուհետեւ, Կեդրոնական վարչութեան անունով, Ալեքսան Քէօշկէրեան ներկայացուց տօքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի անցած ուղին՝ անդրադառնալով անոր կուսակցական եւ քաղաքական երկարամեայ գործունէութեան, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ունեցած դերակատարութեան, Արցախի ազատագրական պայքարին բերած մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ պատմագիտական եւ հրատարակչական վաստակին։

Փարամազի անուան շքանշանի յանձնումը կատարեց Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան, որ այս առիթով փոխանցեց նաեւ իր խօսքը։

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ տօքթ. Ճէրէճեան երախտագիտութիւն յայտնեց Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի շրջանի իր գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին զօրակցած եւ նեցուկ կանգնած են իր գործունէութեան։

 Տակաւին կ՚անդրադառնանք։