image

Իսրայէլ կրնայ մասնակցիլ Fly Dubai-ի ինքնաթիռի հետաքննութեան

Իսրայէլ կրնայ մասնակցիլ Fly Dubai-ի ինքնաթիռի հետաքննութեան

 

Իսրայէլ կրնայ մասնակցիլ Flydubai օդանաւային ընկերութեան ինքնաթիռին հետ կապուած միջադէպի հետաքննութեան։ Այդ մասին Fox News հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։

«Յարձակող օդաչուն այժմ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Կը կարծեմ, որ զինք պիտի տեղափոխեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուրկէ ան թռած էր, իսկ մենք պիտի հետեւինք հետաքննութեան եւ, հաւանաբար, նաեւ մասնակցինք անոր», ըսած է Նաթանիահուն։

Ան նշած է, որ հետաքննութիւնը պէտք է պարզէ պատահածին հանգամանքները։

«Այնպէս որ, մենք պիտի պարզենք», աւելցուցած է վարչապետը՝ չյստակացնելով, թէ մասնաւորապէս ի՞նչ ձեւաչափով Իսրայէլ կրնայ միանալ հետաքննութեան։

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 30-ին Տուպայէն Թել Աւիւ թռչող Flydubai-ի ուղեւորատար օդանաւը առեւանգման ահազանգ արձակած էր։ Աւելի ուշ օդանաւը վայրէջք կատարած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Բոլոր ուղեւորները ապահով են։

Իսրայէլական հեռատեսիլի 12-րդ կայանի վարկածով՝ միջադէպին պատճառը երկու օդաչուներու միջեւ ծագած կռիւն էր։ Իսրայէլական i24News հեռուստակայանը, վկայակոչելով ականատեսներ, յայտնած է, որ անոնցմէ մէկը դանակահարուած է։ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միջադէպը որակած է որպէս ահաբեկչական փորձ։