Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը հաստատէ, որ այսօր՝ ժամը 14։15-ին, Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ մտած է ատրպէյճանցի զինծառայող մը եւ կրակած Հայաստանի քաղաքացիի մը ոտքին։ Ան ձերբակալուած է։
Շաքիի գիւղապետը «Ազատութեան» պատմած է, որ տուժողը տեղացի կին մըն է, իսկ դէպքը տեղի ունեցած է անոր երեք զաւակներուն ներկայութեամբ։ 39-ամեայ կինը Սիսիանի բժշկական կեդրոնին մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալէ ետք տեղափոխուած է Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոց։
Վնասուածքներ ստացած են նաեւ կնոջ 15 եւ 12 տարեկան զաւակները։ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը յայտնէ. «Մարմնական վնասուածքներով բժշկական օգնութեան դիմած են վիրաւորուած ՀՀ քաղաքացիի՝ 2011 եւ 2014 թուականներուն ծնած զաւակները։ 2014 թուականին ծնած երեխային մօտ առկայ եղած է փափուկ հիւսուածքներու սալջարդ, իսկ 2011 թուականին ծնած երեխային մօտ՝ աջ դաստակի կոտրուածք»։
Ըստ ԱԱԾ-ի՝ երկու օր առաջ՝ Սեպտեմբեր 29-ին, Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի զօրամասերէն մէկուն զինծառայողը անյայտ հանգամանքներու մէջ լքած է ծառայութեան վայրը։