image

Ուր ալ փախչին ետ պիտի բերենք. Քոչարեանը գործող իշխանութիւններուն մասին

Ուր ալ  փախչին ետ  պիտի բերենք. Քոչարեանը  գործող իշխանութիւններուն մասին

«Ուր էլ գնան, գտնել-բերելու ենք․ այդ առումով հանգիստ եղէք»։ Այս մասին նշեց Երեւանի երկու թաղամասերու բնակիչներու եւ շտաբներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ, ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեան՝ պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչ պիտի ընէք, որպէսզի դաւաճաններուն ելքը երկրէն արգիլուի:

 

«Այս պատահածի համար մարդիկ պէտք է պատասխան տան եւ այդ պատասխանը պէտք է լինի արդարադատութեան միջոցով՝ հենց Հայաստանի Հանրապետութիւնում։ Ով ուր փախչի՝ փէշերից բռնած բերելու ենք։ Երբ երկար ժամանակ զբաղեցնում ես երկրի ամենաբարձր պաշտօնը, պէտք է էմոցիաներդ եւ զգացմունքներդ միշտ համադրես օրէնքի գերակայութեան հետ։

 

Նման դէպքերում միշտ պայքար է գնում քաղաքականութեան եւ օրինականութեան միջեւ։ Մենք մեզ չպէտք է այս իշխանութիւնների պէս պահենք, եւ այս քաղաքականութեան եւ օրինականութեան պայքարի մէջ պէտք է յաղթի օրինականութիւնը։ Դրանից կը շահի ե՛ւ պետութիւնը, ե՛ւ ժողովուրդը»,-ըսաւ Քոչարեան: