ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը պատրաստ է այդ պաշտօնին իր գործունէութիւնը ծաւալել մեծ եռանդով ու պատասխանատուութեամբ:
Նախարարը գերատեսչութեան դիմաց հանդիպման ժամանակ՝ փոքր ուշացմամբ, բայց լաւ տրամադրութեամբ մօտեցաւ լրագրողներուն եւ կարեւորեց իր առաջին աշխատանքային օրը անոնց հետ սկսիլ:
«Աշխատանքային առաջին օրը կը ծանօթանամ նախարարութեան աշխատակիցների՝ փոխնախարարների, վարչութեան պետերի եւ աշխատակազմի ղեկավարի ու մնացած բոլորի հետ: Գերատեսչութիւնում փոփոխութիւններ, բնականաբար, կը լինեն, քանի որ իշխանափոխութեան հիմքում քաղաքական սերնդափոխութեան հարցն է դրուած եղել: Սակայն քատրային ջարդ, ինչպէս մի քանի անգամ յայտարարուել է քաղաքական հարթակից, չի լինելու»,- նշած է նորանշանակ նախարարը:
Անոր խօսքով՝ պէտք է համադրել փորձը երիտասարդութեան հետ, իսկ թէ ինչ պաշտօններու մէջ կամ յառաջիկային ինչ փոփոխութիւններ կ'ըլլան՝ Հայրապետեանն ընդգծած է, որ կ'որոշէ ինքն իր աշխատակիցներուն հետ:
Գերատեսչութեան ղեկավարն ըսած է, որ հապճեպ որոշումներ պիտի չըլլան, եւ ինքը բաւականին դրական տրամադրուած է խումբի (թիմի) հետ աշխատելու, սակայն ամէն ինչ ցոյց կու տայ համատեղ աշխատանքը:
Ամենաերիտասարդ նախարարն իր անուան շուրջ առաջացող քննարկումներու, քննադատութիւններու վերաբերեալ շեշտած է, որ կը մտնէ ժողովուրդի դրութեան մէջ եւ կը հասկնայ բոլորի մտավախութիւնները: Հայրապետեանը նշած է, որ մեծ պատասխանատուութիւն կը զգայ եւ պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել ճիշդ աշխատանք կատարելու համար:
«Ես կարծում եմ, որ մենք կը կարողանանք կարճ ժամանակահատուածում վերացնել կաշառակերութիւնը, խաբէութիւնը եւ շօշափելի փոփոխութիւններ անել այն ընթացքում, որքան կը պաշտօնավարենք: Համոզուած եմ, որ այն մարդիկ, ովքեր յետագայում կը գան մեզ փոխարինելու՝ կ'ունենան որակական բոլորովին այլ գերատեսչութիւններ՝ փրոֆեսիոնալ կառավարմամբ եւ թիմով»,- փաստած է Մխիթար Հայրապետեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մուտքի մօտ լրագրողներու հետ ճեպազրոյց ունենալէ ետք, Հայրապետեանն առաջարկած է բարձրանալ վեր եւ ծանօթանալ աշխատակազմի հետ:
Արդէն շէնքի մէջ, ողջունելով թիմակիցներուն, ան մտած է իր աշխատասենեակ եւ, ծանօթանալով նոր աշխատատեղին, կիսած է իր տպաւորութիւնները: «Մեծ հաշուով ինձ համար աշխատասենեակից տպաւորութիւններ ստանալու խնդիր չկայ, պէտք է աշխատավայր, որտեղ ես կը լծուեմ այդ գործին»,- ըսած է նորանշանակ նախարարը: