Մեկնարկած է «Ելք» դաշինքի առաջին համաժողովը: Այս մասին կը յայտնէ tert.am: Համաժողովին բացի երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն՝ ներկայ եղած են նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Թեւան Պողոսեան, Արմէն Մարտիրոսեան, Մանուէլ Եղիազարեան, Կարգին Հայկօն, Իսպիրեանը եւ այլք:
Յիշեցնենք, որ «Ելքը» ստեղծուած է երեք կուսակցութիւններու՝ «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն», յուշագիրի հիման վրայ, որու համաձայն՝ համապետական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնաբար: