Սեպտեմբերի 10-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին կատարուած է միջեկեղեցական աղօթք-մաղթանք` նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատմանն ու ամրապնդման:
Խաղաղութեան աղօթքին ներկայ էին Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի նախաձեռնութեամբ Իրաքէն Մայր Աթոռ ժամանած Իրաքի կրօնապետերու եւ Քրիստոնէական աւանդապահութեանց նախարար Տիար Ռաադ Քաչաչիի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում հաւատարմագրուած Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու դեսպաններ ու հաւատարմատարներ:
Արարողութիւնէն առաջ խօսքով հանդէս եկաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոսը, այնուհետեւ ներկայ չորս կրօնապետերէն իւրաքանչիւրն իր աղօթք-մաղթանքը բերաւ` Մերձաւոր Արեւելքի, մասնաւորապէս Իրաքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կրօնական հանդուրժողականութեան ամրապնդման համար:
Միջեկեղեցական աղօթքն աւարտած է Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով: