Օրերս Փարիզի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Մաշտոց հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութեան կազմակերպած միջ-վարժարանային արտասանական մրցումը՝ նուիրուած պոլսահայ մեծ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ կազմակերպիչներու տարածած հաղորդագրութենէն։
Մամլոյ հաղորդագրութիւն.- «Մաշտոց հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութեան կողմէ կազմակերպուած միջ-վարժարանային արտասանական մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Յունիս 2026--ին, Փարիզի Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան սրահին մէջ։ Հակառակ որ Փարիզահայ կեանքի երկնակամարին վրայ բազմաթիւ այլ հանդիսու-թիւններ տեղ գրաւած էին, խաչաձեւելով զիրար, յամենայն դէպս ծնողներէ, գրասէր անձերէ եւ ասմունքի սիրահարներէ բաղկացած հոծ բազմութիւն մը փութացած էր ներկայ ըլլալու հայ բանաստեղծութեան նուիրուած այս ձեռնարկին եւ քաջալերելու մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն ջանքերը։
Մաշտոց Միութեան անունով հանդիսութեան բացումը կատարեց Միութեան հիմնադիր-նախագահ Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, որ յիշեցուց թէ այս հանդիսութիւնը նուիրուած է Պոլսահայ մեծ եւ յեղաշրջական բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 100-ամեակին։ Այնուհետեւ, հակիրճ կերպով ներկայացուց բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին եւ իր «Առարկայական խորհրդանշանապաշտութիւն» կոչուած «մտածական քերթողութիւնը», որ նոր բարձունքի մը հասցուց հայ բանաստեղծութիւնը Պոլիսէն մինչեւ Հայաստան։ Նաեւ բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուելով, միջազգային ճանաչում ապահովեց հայ բանաստեղծութեան։
Այնուհետեւ Տիկ. Փանոսեան յայտնեց թէ մրցումին մասնակցած են 30 աշակերտներ, հետեւեալ դպրոցներէն.- Դպրոցասէր վարժարանէն, Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանէն, Ս. Մեսրոպ-Արապեան վարժարանէն, Մկնիկ միօրեայ աշխատանոցէն եւ Շաւիլի Լեւոն Շանթ միօրեայ վարժարանէն։ Ըսաւ որ խաչաձեւումներու պատճառով 12 աշակերտներ չկարողացան մասնակցիլ մրցումին, հակառակ որ պատրաստուած էին։
Մրցումը տեղի կ'ունենար երկու մակարդակով՝ մինչեւ 13 տարեկան աշակերտները պէտք է ընտրէին Խրախունիի ութ որոշուած կտորներէն մէկը, իսկ երկրորդ կտորի ընտրութիւնը ազատ էր։
14-20 տարեկաններու պարագային պարտադիր կտորն էր Խրախունիի «Բաց խօսք» քերթուածը, իսկ երկրորդ կտորի ընտրութիւնը ազատ էր։ Դատակազմի անդամներն էին.- Վարդուհի Կիւզէլպօտուր, Արմինէ Գէորգեան, Արտաշէս Ոսկանեան, Ռօզին Թաշճեան-Ադամեան, Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան։
Մրցումին արդիւնքները եղան հետեւեալները .-
Մեծերու խումբէն՝ (14-20 տարեկան)
Առաջին մրցանակ՝ Կարինէ Յարութիւնեան՝ Մկնիկ աշխատանոցէն (ստացաւ 200 եւրօ պարգեւ եւ մանկական գիրքեր)։
Երկրորդ մրցանակ՝ Լեւոն Մուսոյեան՝ Մկնիկ աշխատանոցէն (ստացաւ 150 եւրօ պարգեւ եւ մանկական գիրքերԵ)։
Փոքրերու խումբէն՝ մինչեւ 13 տարեկան
Առաջին մրցանակ՝ Սուսաննա Շահինեան՝ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանէն (ստացաւ 200 եւրօ պարգեւ եւ մանկական գիրքեր)։
Երկրորդ մրցանակ՝ երկու հոգի հաւասարապէս ( դք հդռաճ)
Սեւան Կարապետեան՝ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանէն եւ Նորվան Աւետիսեան՝ Դպրոցասէր վարժարանէն (ստացան՝ 150 -ական եւրօ պարգեւ եւ մանկական գիրքեր)։
Երրորդ մրցանակ՝ երկու հոգի հաւասարապէս (դք հդռաճ)՝ Էլլա Պետրոսեան՝ Լեւոն Շանթ վարժարանէն եւ Մաքս Ենոքեան՝ Ս. Մեսրոպ-Արապեան վարժարանէն (ստացան՝ 100 -ական եւրօ պարգեւ եւ մանկական գիրքեր)։
Առաջին հանդիսացող երկու դպրոցները ստացան 250ական եւրօ պարգեւ, նաեւ Խրախունիի 100-ամեակին նուիրուած գիրքերը, այսպէս՝ «Խրախունի 100» (Հրատ.՝ Երեւանի Մանկավարժական Համալսարանի Սփիւռք Կեդրոն, 2026), եւ «Պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան պատմութեան ուրուագիծեր», (Հրատ. Պոլիս, Մուրատ Օֆսէթ, 2026, հեղինակ՝ Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան) ։
Դադարին, երբ դատակազմը խորհրդակցութեան քաշուած էր, հանդիսատեսները հիւրասիրուեցան զովացուցիչներով, իսկ աշակերտները՝ նախընթրիքով։ Մրցանակներու եւ պարգեւներու պատրաստութեան ատեն անհրաժեշտ եղաւ երկրորդ դադար մը, որու ընթացքին հանդիսատեսները վայելեցին Պր. Ալէն Համբարձումեանի գեղեցիկ պարիթօն ձայնով երգած Շարլ Ազնաւուրի «ֆորմի, ֆորմի, ֆորմիտապլը» երգը, որ շատ խանդավառեց ժողովուրդը։
Հանդիսութեան վերջաւորութեան մրցանակաւոր աշակերտները ստացան իրենց մրցանակներն ու պարգեւները եւ նկարուեցան բեմին վրայ։ Իսկ ժողովուրդը ուրախ հեռացաւ սրահէն, պահանջելով որ յառաջիկայ տարի դարձեալ կազմակերպուի այսպիսի արտասանական մրցում մը, որ քաջալերիչ է աշակերտներուն համար եւ յուսադրիչ՝ հայ լեզուի ապագային համար։ Մաշտոց Միութեանս Վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր ներկաներուն, նաեւ՝ ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ իրենց ջանքերուն համար։
Ի դիմաց ՄԱՇՏՈՑ, Հայ Լեզուի Պաշտպանութեան եւ Զարգացման Միութեան Վարչութեան՝
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան

Փարիզ, 7 Յունիս 2026