image
Հրատապ լուրեր:

«Մահ Ամերիկային» Իրանցի զօրավարին սպանութեան հետեւանքով հազարաւոր իրանցիներ բողոքի ցոյցերու մասնակցած են

«Մահ Ամերիկային» Իրանցի զօրավարին սպանութեան հետեւանքով հազարաւոր իրանցիներ բողոքի ցոյցերու մասնակցած են

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Թեհրանի մէջ բողոքի ցոյցի դուրս եկած են՝ ընդդէմ ԱՄՆ-ի կողմէ իրանցի հեղինակաւոր զօրավար Քասէմ Սուլեյմանիի սպանութեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ալ Ճազիրա» պարբերականը, ցուցարարները վանկարկած են «մահ Ամերիկային» եւ զոհուած զօրավարի լուսանկարով պաստառներ ցուցադրած են: Յղում ընելով իրանական պետական լրատուական գործակալութեան՝ պարբերականը կը յայտնէ, որ նմանօրինակ ցոյցեր եղած են նաեւ Արաք, Պոճնուրտ, Համատան, Հորմոզկան, Սանանտաճ, Սեմնան, Շիրազ եւ Եազդ քաղաքներուն մէջ:  

Կը նշուի, որ ցուցարարները կ'աջակցին երկրի Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենիի յայտարարութեան, որ խոստացած է վրէժ լուծել Սուլեյմանիի մահուան համար:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբն ուրբաթ վստահութիւն յայտնած է, որ «Իրանական յեղափոխութեան պահակներու փաղանգի» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավարը պէտք էր չէզոքացնել տարիներ առաջ: 

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, իր հերթին, CNN-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ զօրավար Սուլեյմանին չէզոքացնելու մասին որոշումը հարիւրաւոր ամերիկացիներու կեանք փրկած է: