image

Քուէարկութեան վերջնարդիւնքները պիտի հրապարակուին 14 յունիսին

Քուէարկութեան վերջնարդիւնքները պիտի հրապարակուին 14 յունիսին

Խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան վերջնարդիւնքները պիտի հրապարակուին յունիս 14-ին։ Այս մասին յունիս 10-ին Ազգային Ժողովէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը, նշելով, որ այս պահուն վերահաշուարկ կ՚ընթանայ։

«Վերահաշուարկի պատշաճ դիմում շատ քիչ ենք ստացել։ Դիմում ներկայացրել են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, «Միասնութեան թեւեր»  կուսակցութիւնը, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը»»,-ըսած է Յովակիմեանը։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն ամփոփած է յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։ ԿԸՅ կայքին մէջ նախ հրապարակուած էր, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը 4% քուէ ստացած է, որ կ՚ենթադրէր, որ յաղթահարած է խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւններու անցողիկ շեմը։ Սակայն յստակեցումէն ետք ԿԸՅ-ն յայտնած է, որ ԲՀԿ-ի օգտին քուէարկած է ընտրողներու 3,9 %։

Յունիս 8-ին ԲՀԿ կուսակցութիւնը դիմած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու վերահաշուարկի համար։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած նախնական տուեալներու համաձայն ԲՀԿ-ն ստացած է 3,9 % քուէ։ Կուսակցութիւններու համար խորհրդարան անցնելու շեմը 4%-է։

Յունիս 9-ին ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովներուն դիմումներու հիման վրայ ընտրութիւններու քուէներու վերահաշվարկ սկսած է։