Յունիս 5-էն 7, Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ համայնքը ապրեցաւ օրհնեալ եւ յիշարժան օրեր, երբ Zadelgem ի մէջ, կազմակերպուեցաւ հայկական ճամբարը։ Այս շնորհառատ եւ հոգեպարար ձեռնարկը մէկտեղեց մօտ 120 մանուկներ ու պատանիներ, ինչպէս նաեւ 43 հոգեւորականներ, վարիչներ, ուսուցիչներ եւ խոհանոցային ծառայութեան կամաւորներ, որոնք երեք օր շարունակ համախմբուեցան աղօթքի, գիտութեան, բարեկամութեան, խաղերու եւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտին մէջ։
Ճամբարը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Հոգեշնորհ Տէր Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, Հոգեշնորհ Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Հոգեշնորհ Մաղաքիա Աբղ. Պէքսիզեանի առաջնորդութեամբ ու հոգատար մասնակցութեամբ։
Այս օրերուն ընթացքին, մանուկներն ու երիտասարդները բացառիկ առիթ ունեցան աւելի խորապէս մօտենալու քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն, վերագտնելու հայ գրականութեան անսպառ հարստութիւնը, եւ երգերու, պարերու, կրթական ու ժամանցային բազմազան ծրագիրներու ընդմէջէն զգալու եւ ապրելու հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան ողջ գեղեցկութիւնն ու կենսատու շունչը։ Հոգեւորականներու, ուսուցիչներու եւ վարիչներու սիրագորով խնամքին ներքեւ, ճամբարը վերածուեցաւ այնպիսի սրբազան ու ջերմ միջավայրի մը, ուր հաւատքը սնանեցաւ, ընկերական կապերը ամրապնդուեցան, եւ անջնջելի յիշատակներ դրոշմուեցան մանկական ու երիտասարդ հոգիներուն մէջ։
Բնութեան անդորրին եւ վայելչութեան մէջ կայացած այս համախմբումը նաեւ հանդիսացաւ եկեղեցական միութեան կենդանի ու ներշնչող վկայութիւնը։ Տարբեր ծուխերէ ժամանած մասնակիցները մէկ սրտով եւ մէկ հոգիով միացան իրարու, հաստատելով եղբայրակցութեան եւ հաղորդութեան այն կապերը, որոնք կը զօրացնեն Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ համայնական կեանքը եւ կը վկայեն անոր կենսունակ ներկայութեան մասին։
Ճամբարի աւարտը պսակուեցաւ Կիրակի առաւօտեան մատուցուած Սուրբ Պատարագով, զոր հանդիսապետեց Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։ Բաց երկինքի տակ, Աստուծոյ արարչագործութեան վսեմ գեղեցկութեան մէջ մատուցուած այս Սուրբ Պատարագը առաւ առանձնայատուկ խորութիւն եւ քաղցրութիւն՝ բնութեան մեղմ ձայներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ սքանչելի շարականներուն միախառնումով, ստեղծելով խոր աղօթքի, սրբազան լռութեան եւ գոհաբանական բարձրացումի մթնոլորտ մը։
Մանուկներն ու երիտասարդները խոնարհ եւ աղօթասէր հոգիով մասնակցեցան Սուրբ Պատարագին եւ հաղորդեցան Սուրբ Հաղորդութեամբ, որ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ միութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ եղբայրակցութեան գերագոյն եւ սրբազան նշանն է։ Իր հայրական ու սիրով լեցուն պատգամին մէջ, Գերաշնորհ Սրբազանը յիշեցուց երիտասարդներուն մեր Տիրոջ առանձնայատուկ սէրը մանուկներուն հանդէպ՝ վերյիշելով Աւետարանին այն քաղցր ու յաւիտենական խօսքը. «Թո՛յլ տուէք մանուկներուն, որպէսզի գան Ինծի»։ Ան հաստատեց, թէ Քրիստոսի սիրտը կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ զանոնք համախմբուած հաւատքի, սիրոյ եւ միաբանութեան մէջ։
Այս օրհնեալ ճամբարը գեղեցիկ եւ մխիթարիչ վկայութիւնն է Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ համայնքին կենդանի հաւատքին, հոգեւոր արթնութեան եւ ազգային-եկեղեցական ինքնագիտակցութեան։ Ան իր երիտասարդ մասնակիցներուն պարգեւեց ոչ միայն ուրախութեան, խաղի եւ ընկերակցութեան անմոռանալի պահեր, այլ նաեւ աւելի խոր զգացում մը՝ իրենց հոգեւոր պատկանելիութեան, ազգային ժառանգութեան եւ եկեղեցական միութեան նկատմամբ։ Աստուծոյ առատ շնորհքով, այս սերմնացանը վստահաբար պիտի շարունակէ բարի պտուղներ տալ անոնց կեանքին մէջ՝ իբրեւ հաւատքի, սիրոյ եւ ծառայութեան օրհնեալ յիշատակ։
.jpg)
2.jpg)

.jpg)