Արտառոց դէպք մը գրանցուած է Պէյրութի ծովեզերեայ ափին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Lebanon 24 կայքէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս նշեց, որ քաղաքացի մը, (որուն ինքնութիւնը ցարդ չէ պարզուած) ինքզինք վար նետած է Ռաուշէ շրջանի յայտնի ժայռին վրայէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ քաղաքացին իսկոյն մահացած է։
Դէպքին շուրջ բացուած քննութիւն։