image

Իրան պատասխանած է ԱՄՆ-ի հարուածներուն. Թիրախ դարձած են ամերիկեան 21 կէտեր

Իրան պատասխանած է ԱՄՆ-ի հարուածներուն. Թիրախ դարձած են ամերիկեան 21 կէտեր

Իրանի զինուած ուժերը յայտարարած է, որ ի պատասխան ԱՄՆ-ի հարուածներուն՝ յարձակած է տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան 21 կառոյցներու վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական IRIB պետական հեռարձակող ընկերութիւնը։

«Ի պատասխան իրանական տարածքին դէմ ԱՄՆ-ի գիշերային յարձակումին՝ տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան 21 թիրախներ հարուածի ենթարկուած են»,– բանակի յայտարարութիւնը մէջբերած է պետական հեռուստատեսութիւնը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ԱՄՆ զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտնած էր, որ ամերիկեան զինուորականները աւարտած են Իրանի դէմ իրականացուած իրենց հարուածները՝ ի պատասխան Apache ուղղաթիռին դէմ կատարուած յարձակման։ CENTCOM-ի պնդումով՝ գործողութեան ընթացքին խոցուած են Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերու կառոյցները, ցամաքային կառավարման կայանները եւ Հորմուզի նեղուցի մօտ գտնուող դիտարկման ռատարները։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Օմանի ափերուն մօտ ինկած ամերիկեան Apache AH-64 ուղղաթիռը Իրանի կողմէ խոցուած է, եւ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր պիտի ըլլայ պատասխանել այդ քայլին։ Հաղորդուած էր, որ ուղղաթիռի երկու օդաչուներն ալ փրկուած են։ Աւելի ուշ CENTCOM-ը յայտարարեց, որ ուղղաթիռին դէմ յարձակումէն ետք սկսած է Իրանի դէմ պատասխան հարուածներու իրականացումը։