image

Մեծ կորուստ Սուրիոյ համար. Մահացած է յայտնի բեմադրիչ Մոհամմէտ Ֆարտուս Աթասին

Մեծ կորուստ Սուրիոյ համար. Մահացած է յայտնի բեմադրիչ Մոհամմէտ Ֆարտուս Աթասին

 Կեանքէն հեռացած է սուրիացի անուանի բեմադրիչ՝ Մոհամմէտ Ֆարտոս Աթասի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  CNN Arabic  կայքէն։

 

Սուրիոյ տեղեկատւութեան նախարարութիւնն ու Արուեստագէտներու սենտիքան գուժեցին մահը վաստակաւոր բեմադրիչին, որ մահացած է 79 տարեկան հասակին զոհ դառնալով «Քորոնա» ժահրին։

Աթասի կը նկատուի յայտնի սուրիացի բեմադրիչներէն մին. Ան աւարտած է Փրակայի արուեստներու հիմնարկի շարժապատկերներու բեմադրութեան բաժանմունքը, նաեւ ստացած է մագիստրոսական աստիճան:

 

 Սուրիական շարժապատկերի հիմնադիրը համարուող Աթասի ներկայացուցած է տասնեակ գործեր, որոնց մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն տրամայի ժանրի առաջնակարգ դիրք ունեցող ՝ «Ալ Պայատէր», «Կին մը, որ յուսահատութիւն չի ճանչար», «Թամր Հըննա», «Բժշկուհին», «Ընտանիքի մը յիշատակարանը», եւ մասնաւորապէս «Ըմբոստ հրեշտակը, կամ Ժըպրան Խալիլ ժըպրան» գործերը։

 

 

 Յիշեցնենք, որ Աթասի մահացած է Դամասկոսի մէջ, ուր եւ պիտի յանձնուի հողին։