image

Իսրայէլի գաղտնի «Ճակատ»ը Ատրպէյճանի մէջ. CNN-ի բացայայտումը

Իսրայէլի գաղտնի «Ճակատ»ը Ատրպէյճանի մէջ. CNN-ի բացայայտումը

Ըստ ամերիկեան  CNN-ին Իրանի դէմ 28 Փետրուարին սկսած պատերազմի ընթացքին Իսրայէլ,  գաղտնի կերպով Ատրպէյճանի մէջ տեղակայած էր    զինուորական եւ հետախուզական ստորաբաժանումներ՝  ռազմական  գործողութիւններուն աջակցելու նպատակով։

Աղբիւրներու համաձայն, իսրայէլեան ուժերը գործած են Ատրպէյճանի հարաւային քանի մը շրջաններու մէջ, ներառեալ Իրանի սահմանին մօտ գտնուող վայրեր, որոնք Թաւրիզ քաղաքէն մօտ 95 քիլոմեթր հեռու են։

Աղբիւրը կը նշէ, որ այդ  ուժերուն մէջ եղած են   յատուկ գործողութիւններ կատարող  խմբաւորումներ, որոնք իրականացուցած են հետախուզական առաքելութիւններ եւ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով գործողութիւններ՝ Իսրայէլին տալով Իրանի հիւսիսային շրջանները վերահսկելու լրացուցիչ կարողութիւն։

CNN նաեւ կը նշէ, որ սկզբնական ծրագրով այդ ուժերը նախատեսուած էին որպէս փրկարարական ջոկատ արտակարգ իրավիճակներու համար, սակայն հետագային անոնց առաքելութիւնը ընդլայնուած է եւ ստացած զինուորական ու հետախուզական բնոյթ։

Աղբիւրներէն մէկուն համաձայն, գործողութեան մասնակցած են Իսրայէլի մասնայատուկ նշանակութեան ուժերու անդամներ,   մասնայատուկ  ուղղաթիռային մարտական եւ փրկարարական ստորաբաժանումներու զինուորներ, ինչպէս նաեւ «Մոսատ» հետախուզական ծառայութեան աշխատակիցներ։

 Նոյն լրատուամիջոցը կը յիշեցնէ, որ Իսրայէլ   եւ  Ատրպէյճան տարիներէ ի վեր սերտ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունին։ Պաքու Իսրայէլին կը մատակարարէ իր նաւթի մեծ մասը, մինչ Իսրայէլ Ատրպէյճանին կը վաճառէ ժամանակակից սպառազինութիւններ, որոնց մէկ մասը օգտագործուած է 2016 եւ 2020 թուականներու Արցախեան պատերազմի  ընթացքին։

Հաղորդման համաձայն, Ատրպէյճանի տարածքէն իրականացուած կարեւոր գործողութիւններէն մէկը եղած է 4 Մարտին  Իրանի «Իսլամական Յեղափոխութեան Պահապաններու  Պահակագունդ»ի հետախուզութեան ղեկավար Ռահման Մողատտամի սպանութիւնը։

6 Մարտին Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած էր, թէ կանխած է ԻՀՊԿ-ի ենթադրեալ ծրագիրը, որ կը միտէր հարուածել ռազմավարական ենթակառուցուածքներ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան  այլ  թիրախներ։ 

Շաբաթներ անց Իսրայէլ հրապարակաւ ընդունած էր, որ այդ գործողութիւնը իրականացուած էր «Մոսատ»-ի, իսրայէլեան բանակի եւ «Շին Պեթ» անվտանգութեան ծառայութեան  համատեղ մասնակցութեամբ։