Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն յաղթեր է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը եւ միանձնեայ պիտի ձեւաւորէ կառավարութիւն։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանը։
«2026 թուականի յունիսի 7-ին տեղի ունեցան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններ, եւ ընտրութիւնների արդիւնքում յաղթել է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը միանձնեայ կը ձեւաւորի կառավարութիւն»,- ըսած է ան։
Փաշինեանի խօսքով՝ կուսակցութիւնը նախորդ՝ 2021 թուականի ընտրութիւններու համեմատ ստացած է աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու աջակցութիւն։
«Ուզում եմ ընդգծել, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը 2021 թուականի համեմատ ստացել է Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի մեծ թիւով քաղաքացիների ձայնը, աւելի մեծ թիւով քաղաքացիների վստահութեան քուէն։ Սա պարտաւորեցնող է»,- նշած է վարչապետը։
Ան ընդգծած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները կը վկայեն պետութեան, անկախութեան եւ խաղաղութեան օգտին քաղաքացիներու կատարած ընտրութեան մասին։
«Սա նշանակում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին տէր է կանգնել պետութեանը, տէր է կանգնել անկախութեանը, տէր է կանգնել ապագային, տէր է կանգնել խաղաղութեանը։
Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի քաղաքացիներ, սիրում եմ բոլորիդ, հպարտանում եմ բոլորովդ եւ խոնարհւում եմ բոլորիդ առաջ։ Փառք նահատակներին եւ կեցցէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,- եզրափակած է Փաշինեանը։