image

«Մենք կը խօսինք նաեւ այլ լեզուներ». Արաքճի

«Մենք կը խօսինք նաեւ այլ լեզուներ». Արաքճի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ երկրի տարածքի մօտ գտնուող օտարերկրեայ ռազմական ուժերը «մշտական ​​​​վտանգի տակ են», եւ կոչ ըրած է անոնց լքելու Իրանի մօտ գտնուող տարածքները։

Ան նաեւ խոստացած է, որ ԱՄՆ-ի նոր հարուածներուն պատասխան պիտի ըլլայ։

Ապպաս Արաքչին X-ի էջի միջոցաւ յայտնած է, որ իրանական ուժերը «որեւէ յարձակում կամ սպառնալիք անպատասխան պիտի չձգեն»։

«Մեր տարածքի մօտ տեղակայուած օտարերկրեայ զօրքերը մշտապէս վտանգի տակ են մարդկային սխալի, վթարներու կամ հնարաւոր խաչաձեւ կրակոցներու պատճառով։ Այս վտանգը նուազեցնելու համար լաւագոյնն է, որ անոնք հեռանան։ Մենք կը նախընտրենք դիւանագիտական ​​լեզուն, բայց կը խօսինք նաեւ այլ լեզուներով», - գրած է ան։

Ի պատասխան ամերիկեան հարուածներու՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտնած է, որ հարուածած է Պահրէյնի եւ Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան երկու ռազմակայաններ։ Իր հերթին, Քուէյթի բանակը յայտնած է, որ նոյնպէս արձագանգած է երկրի ուղղութեամբ իրականացուող գրոհին։

Իրանը յայտնած է, որ ամերիկեան ուժերը թիրախաւորած են Պանտար Ապպաս, Ճասք, Սիրիք քաղաքները եւ Քեշմ կղզին։ Ըստ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի՝ վնասուած է հեռահաղորդակցութեան աշտարակ եւ ջուրի երկու ամբար։